ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան երէկ յայտարարեց, որ «Սուրիոյ շուրջ աշխատանքային խմբակ»-ի ժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Շաբաթ՝ Ժընեւի մէջ:
Ան նշեց, որ ժողովին նպատակը Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծումը ամբողջութեամբ հաստատելը եւ սուրիական ղեկավարութեամբ քաղաքական փոխանցման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելն է: Մինչ այդ, Անանի տեղակալ Ժան-Մարի Ժեհինօ յայտարարեց, որ Անան մտադիր է յառաջիկայ շաբաթ օր Ժընեւի մէջ Սուրիոյ հարցին շուրջ բարձրաստիճան ժողով մը գումարել եւ կը ջանայ «առաջարկուած արդիւնքներուն շուրջ հասարակաց կեցուածք» գոյացնել:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը լրագրողներու յայտնեց, որ Հիլըրի Քլինթըն Ժընեւի մէջ 30 Յունիսին նախատեսուած Սուրիոյ շուրջ ժողովին պիտի մասնակցի «միայն այն պարագային, եթէ այս խորհրդաժողովին մասնակիցները հաստատեն իշխանութենէն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացման կարեւորութիւնը»: Աղբիւրը նշեց, որ Քլինթըն Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ իր յառաջիկայ հանդիպումին ընթացքին ըսած է թէ կը նախատեսէ սուրիական տագնապին անդրադառնալ: Ան նշեց, որ սուրիական տագնապին լուծման միջոցներուն շուրջ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի կեցուածքները տակաւին իրարմէ տարբեր են: