ԸՆԿԵՐԱՎԱՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ՁԵՌՔ ԿԸ ՁԳԵՆ 314 ԱԹՈՌ

Կիրակի՝ Յունիս 17ին, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի երեսփոխաններու ընտրութեան Բ. շրջանի քուէարկութիւնը բարեբեր եղաւ Ընկերվարական կուսակցութեան, որ ձեռք ձգեց 314 աթոռ:

Այս ընտրութիւններով արձանագրուած կարեւոր միւս երեւոյթն ալ այն է, որ ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային Ճակատը վերստին մուտք կը գործէ Խորհրդարան: Կþարժէ նաեւ նշել, որ Հանրապետութեան նախագահին նախկին կողակիցը՝  նախագահական նախկին թեկնածու Սեկոլէն Ռուայալ, ծանր պարտութիւն մը կրեց Լա Ռոշէլի մէջ: Անոր պարագային մէջ կը գտնուին ծանօթ բազմաթիւ այլ անձնաւորութիւններ՝ ինչպէս, օրինակ, Ճէք Լանկ, Էրիք Ռաուլթ, Նատին Մորանօ… Ինչ կը վերաբերի ձեռնպահութեան տոկոսին, նոր մրցանիշ մը կոտրեց՝  հասնելով 44,3%ի:
Ֆրանսայի Ազգային նոր Ժողովը կը կազմէ հետեւեալ պատկերը.-  Ձախի ճակատը՝ 10 աթոռ,  Ընկերվարական կուսակցութիւն, զանազան ձախ՝ 314 աթոռ, Բնապահները՝ 17 աթոռ, ՄոՏէմ (Պայրու)՝ 2 աթոռ,  Նոր Կեդրոն՝ 14 աթոռ, Միութիւն ժողովրդական շարժման համար (UMP) եւ զանազան աջ՝ 215,  Ազգային Ճակատ՝ 3 աթոռ, զանազան՝ 2 աթոռ: 


Փաթրիք Տէվէճեան եւ Վալերի Պուայէ յաղթական դուրս եկած են

Հօ-տը-Սէնի 13րդ ընտրատարածքին մէջ, Փաթրիք Տէվէճեան (UMP) չնչին տարբերութեամբ՝ 50,18%ով շահած է ընդդէմ՝ Ժիւլիէն Լանտֆրիտի (Զանազան ձախ): Լուառ նահանգի 3րդ ընտրատարածքին մէջ, Ազգային Ժողովի «Ֆրանսա-Հայաստան» բարեկամութեան խումբի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուան (Նոր Կեդրոն), որ Ա. շրջանին առաջին դիրքը զիջած էր ընկերվարական Ֆիլիփ Գիզիրեանին, Բ. շրջանին յաջողած է իրավիճակը իրեն ի նպաստ դարձնել եւ երեսփոխան վերընտրուած է ձայներու 52,36%ով:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Վալերի Պուայէին (UMP), որ Պուշ-տիւ-Ռոնի առաջին ընտրատարածքին մէջ, Ա. շրջանէն ետք՝  նեղ կացութեան մէջ էր, ինք եւս ծայրը ծայրին յաղթանակ մը տարած է՝ ձայներու 50,65%ով, ընդդէմ ընկերվարական Քրիսթոֆ Մասի:  
Թրքական լրատուամիջոցները խիստ անհանգիստ են Վալերի Պուայէի վերընտրութեամբ, գնահատելով թէ ան դարձեալ վճռական դիրք պիտի որդեգրէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման օրինագիծը խորհրդարան բերելու ուղղութեամբ: