Հակառակ հնչած հաւաստիացումներուն  ու այդ քայլէն խուսափելու ջանքերուն, Կիպրոս եւս ստիպուեցաւ Եւրոմիութեան տնտեսական աջակցութեան դիմում ներկայացնելու:

Արժոյթի միջազգային Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն
Քրիսթին Լակարտ կը զրուցէ Կիպրոսի տնտեսութեան
նախարար Վասոս Շիարլիսի հետ

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Offsite լրատուամիջոցը, Կիպրոսի Հանրապետութիւնը երէկ կապ հաստատեց եւրոպական իրաւասու իշխանութիւններուն հետ, եւրոպական տնտեսական կայունութեան խումբի (EFSF/NCU) աջակցութիւնը ստանալու կապակցութեամբ: Ըստ պաշտօնական յայտարարութեան, որ երէկ կէսօրին հրապարակուեցաւ, դիմումի նպատակն է Կիպրոսի տնտեսութեան առջեւ ծառացած վտանգը նուազեցնել, մասնաւորապէս կանխել՝ երկրի դրամատնային բաժնի բացասական ազդեցութիւնները, որ ուղղակիօրէն առընչուած են Յունաստանի տնտեսական շուկայի անկայունութեամբ: Դեռ չեն որոշուած աջակցութեան գումարը եւ համաձայնութեան ծիրը, բայց ըստ գնահատումներու՝ ստացուած վարկը պիտի գերազանցէ 1.8 միլիառ եւրոյի գումարը:

Սպանիա եւս Եւրոմիութենէն
ֆինանսական օգնութիւն խնդրած է

Սպանիա եւս այսօր պաշտօնապէս ֆինանսական օգնութիւն խնդրած է Եւրոմիութենէն: Սպանիոյ տնտեսութեան նախարար Լուիս Տէ Կինտոս համապատասխան նամակ ուղարկած է Լիւքսեմպուրկի փոխ վարչապետ Ժան-Քլոտ Եունքերին, որ ներկայիս կը ղեկավարէ եւրոգօտիի անդամ երկիրներու նախարարական խումբը: Վարկի չափը չի նշուիր, թէեւ աւելի առաջ կը խօսուէր 100 միլիառ եւրոյի մասին: