ՄԱՐՍԻԼԻԱ-ԵՐԵՒԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿ
Յունիս 23ի առաւօտուն, Մարսիլիոյ 8րդ թաղամասի Պորէլի զբօսայգիին մէջ՝ հայկական խաչքարին մօտ, տեղի ունեցաւ Մարսիլիոյ եւ Երեւանի գործակցութեան 20ամեակին նուիրուած միջոցառում:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուելու համար շրջան այցելեցին Ֆրանսայի հանրային եւ քաղաքական կառոյցներու, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Մարսիլիոյ փոխ-քաղաքապետ Տիտիէ Փարաքեան:

ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ
1982ի Յունիս 21էն ի վեր՝ Ֆրանսայի Մշակոյթի նախարարութիւնը կը կազմակերպէ Երաժշտութեան ամէնամեայ տօնը։ Այս միջոցառումը կը համախմբէ թէ՛ սիրողական եւ թէ՛ արհեստավարժ երաժիշտներու եւ երգիչներու։
Երաժշտութեան տօնը 2007էն ի վեր կը նշուի նաեւ Հայաստանի մէջ։ Միջոցառումները կը համակարգէ Երեւանի Ֆրանսայի դեսպանատունը, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Երեւանի քաղաքապետարանը։ Այս տարուան Երաժշտութեան տօնը նուիրուած է «Փոփ» երաժշտութեան 50ամեայ տարեդարձին։