Պէյրութի մէջ բացումը կատարուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ միջազգային համագումարին:

Սոյն համագումարը կազմակերպուած է Վատիկանի միջ-կրօնական բաժանմունքի (ղեկավարութեամբ Կարտինալ Ժան-Լուի Թորանի), Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջ-իսլամական բաժանմունքին (Այաթոլլահ Մոհամմատ էլ Թասխիրիի), Հիւսիսային Լիբանանի Սիւնիթ միջ-կրօնական հաստատութեան (ղեկավարութեամբ Շէյխ Մալիք Շաէրի) եւ Միացեալ Նահանգներու Անկլիքան եկեղեցւոյ (ղեկավարութեամբ Ճոն Րայսըն Շէյն եպիսկոպոսին): 
Համագումարին ընդհանուր բնաբանն էր «Ինչպէ՞ս կրնան քրիստոնեաներ եւ իսլամներ միասնաբար արդարութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատել բռնութեամբ լեցուն եւ փոփոխութեան ենթակայ աշխարհին մէջ»: Համագումարի բացման նիստին խօսք առաւ Լիբանանի նախկին նախագահ Ամին Ճէմայյէլ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը,  ուղղուած համագումարին, կարդացուեցաւ Գերշ. Տ. Կոմիտակ արք. Օհանեանի կողմէ: Իր խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հետեւեալ երեք կէտերը.- «Առաջին, ողջունելի է քրիստոնեայ-իսլամ   երկխօսութեան ու գործակցութեան նուիրուած ոեւէ նախաձեռնութիւն: Ներկայ աշխարհին մէջ միջ-կրօնական գործակցութիւնը դարձած է հրամայական. իսկ այս ծիրէն ներս քրիստոնեայ-իսլամ  գործակցութիւնը դարձած է անմիջական: Երկու կրօնները  հասարակաց նոյն արմատները ունին, որպէս միաստւածեան կրօններ, հասարակաց նոյն արժէները ունին: Հետեւաբար, պէտք է մեր հասարակաց արժէքները, սկզբունքները ու ճշմարտութիւնները  աւելի ամրապնդենք: Միաժամանակ քրիստոնէութիւնը ու իսլամութիւնը իրենց տարբերութիւնները ունին: Պէտք է այդ տարբերութիւնները լաւ ճանչնանք ու փոխադարձ ճանաչումով ու յարգանքով պէտք է կազմակերպենք մեր յարաբերութիւնը, գործակցութիւնը ու գոյակցութիւնը: 
Երկրորդ, ներկայ համագումարին ետին կը գտնուին անձնաւորութիւններ ու ոմանք նոյնիսկ՝ գործակից: Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը իմ հոգեւոր առաքելութեանս ու միջ-եկեղեցական գործունէութեանս կարեւոր մարզերէն մէկը եղած է ու կը մնայ: Ոչ միայն նման նախաձեռնութիւններու մասնակից դարձած ենք միջազգային թէ շրջանային մակարդակներու վրայ, այլ նաեւ հաւատացած ենք ու կը հաւատանք, որ անհրաժեշտ է այլեւս ոչ միայն քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեան մասին խօսիլ, այլ՝ գործակցութեան: Եւ աւելին՝ գործակցութիւնը հարկ է իր շօշափելի արտայայտութիւնը գտնէ խաղաղ ու ներդաշնակ գոյակցութեամբ: Կրօններու, մշակոյթներու ու ազգերու գոյակցութիւնը հրամայական է ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ: Լիբանանը գոյակցութեան տիպար երկիր մըն է: Մեր տարբերութիւնները պէտք է ընդունինք ու յարգենք. միաժամանակ ընդհանրական մտահոգութիւններու ու մարտահրաւէրներու նկատմամբ պէտք է գործակցինք ու հաւաքական կեցուածքներ ճշդենք: 
Երրորդ, համագումարին որպէս նիւթ ընտրած էք այն թէ ինչպէ՞ս քրիստոնեաներ ու իսլամններ կրնան միասնաբար աշխատիլ արդարութեան ու խաղաղութեան համար: Ուրախ ենք, որ նախ արդարութիւնը կը յիշուի եւ ապա՝ խաղաղութիւնը, որովհետեւ չկայ ճշմարիտ ու ամբողջական խաղաղութիւն առանց արդարութեան: Խաղաղութիւնը պատերազմի բացակայութիւնը չէ. խաղաղութիւնը արդարութեան ներկայութիւնն է: Քրիստոնէական աստուածաբանութեան համաձայն, արդարութիւնը ու խաղաղութիւնը աստուածային պարգեւներ են տրուած մարդուն: Հետեւաբար, արդարութիւն չկատարելը, խաղաղութիւնը մերժելը մեղք են Աստուծոյ նկատմամբ: Արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը, Աստուծոյ պարգեւները ըլլալով հանդերձ նաեւ Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած առաքելութիւն են: Մարդը կոչուած է արդարութեան ու խաղաղութեան համար աշխատելու հոն, ուր անոնք բացակայ են: Ընդհանուր գծերով նաեւ այս է մօտեցումը իսլամութեան: Հետեւաբար, այս ուղղութեամբ երկու միաստուածեան կրօններու միջեւ գործակցութիւնը ոչ միայն բնական է այլ՝ անհրաժեշտ, մանաւանդ ներկայ աշխարհին մէջ, ուր փոխան արդարութեան ու խաղաղութեան կը տիրեն բռնութիւնը, մարդկային իրաւունքներու անտեսումը, եւ կրօնական ու բարոյական արժէքներու նահանջը:
Համագումարը կը տեւէ երկու օր: