ՊՈՒՔՐԵՇ
Զեղծարարութեան յանցանքով երկու տարուայ բանտարկութեան դատապարտուելէ ետք, Ռումանիոյ նախկին վարչապետ Անտրիան Նասթազէ անձնասպանութեան դիմեց:

Դատական վճիռով՝ ան յանցաւոր գտնուեցաւ 1.5 միլիոն եւրօ իւրացուցած ըլլալու ամբաստանու-թեամբ: Երբ ոստիկանութիւնը հասաւ իր բնակարանը նախկին վարչապետը ձերբակալելու համար, Նասթազէ կրակեց իր անձին դէմ, ծանրօրէն վիրաւորուելով: Ներկայիս իր վիճակը կայուն է:

 

ՄԱՏՐԻՏ
Տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ Սպանիոյ   մեծ քաղաքներու՝ Մատրիտի եւ Պարչելոնայի ճամբաները ողո- ղեցին, բողոքելով Մարիանօ Ռախոյի պահ-պանողական կառավարութեան կողմէ առնուած տնտեսկան ու հարկային խիստ քայլերուն դէմ: Մատրիտի մէջ քաղաքացիները կարմիր դրօշակներ պարզած էին, սպանական սենտիքաներէն երկու մեծագոյնի լոզունգները կրելով: Նմանօրինակ ցոյցեր կը ծրագրուին Սպանիոյ 60 քաղաքներու մէջ: