Գոնգորտիայի համալսարանէն Հուրիկ Ադդարեան տեղեկութիւններ տուած է Հալէպի բարեսիրական կեդրոնի ատենագրութիւններուն վրայ իր տարած աշխատանքին մասին:
Ան բացատրած է որ հայ կիները, Ցեղասպանութենէն վերջ ստիպուեցան երկկողմանի կեանք ապրիլ Թուրքերու, Քիւրտերու եւ արաբ Պէտէվիներու բնակարաններուն մէջ:
«Թղթածրարներու մէջ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կան անձերու անուններուն եւ բնակութիւններուն մասին: Արձանագրուած է կիներուն թրքական եւ հայկական անունները, թէ ո՞ւրկէ եկած են անոնք»
«Այլեւս ո՛չ մէկը զտարիւն քիւրտ կամ զտարիւն թուրք է» Պոլսոյ «Սապանճը» համալսարանի Ընկերային սեռականութեան եւ կնոջական նիւթերու աշխատանքի ֆորումը եւ «Միջին Եւրոպայի Համալսարան»ը Մայիս 22-23ին միասնաբար կազմակերպած են երկօրեայ գիտաժողով մը, որու ընթացքին երեք տարբեր նիւթերու մասին զեկուցումներ կատարուած են բազմաթիւ ակադեմականներու կողմէ:
Վերջին խումբի բանախօսութիւնները մօտէն կը հետաքրքրեն հայութիւնը, քանի օրակարգի նիւթը կազմած են այն բռնութիւնները կամ բռնի ամուսնու- թիւնները, որոնց են- թարկուեցան հայ կիները 1915ի Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ վերջ: Այս երեւոյթին ընդմէջէն՝ ակադեմականները քննարկած են կնոջական սեռին վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան ունեցած բախտորոշ դերը:Գալիֆորնիոյ համալսարանէն Տորիս Մելգոնեան խօսած է սեռային այն բռնութիւններուն մասին, որոնց ենթարկուեցան հայ կիներն ու այրերը: “Հակառակ անոր որ Ցեղասպանութենէն ետք՝ բռնաբարումը այլեւս սովորական դարձած էր, նիւթին մասին շատ քիչ ուսումնասիրութիւն կատարուած է”, ըսած է ան, աւելցնելով թէ այդ արարքներուն զոհերը ընդհանրապէս ուժը չեն ունեցած «պատմելու» իրենց ապրածը, սակայն “լռութիւնն ալ լեզու մըն է որ պէտք է հարցաքննուի”:
Երեւանի ցեղասպանութեան թանգարանէն Աննա Ալեքսանեան ալ յատկապէս կանգ առած է այն հայ կիներուն վրայ, որոնք Ցեղասպանութեան յաջորդող շրջանին մահմետականացուած են: Ան բացատրած է նաեւ թէ ի՛նչ աշխատանք տարուած է այդ կիները վերստին հայացնելու ուղղութեամբ:
Գոնգորտիայի համալսարանէն Հուրիկ Ադդարեան տեղեկութիւններ տուած է Հալէպի բարեսիրական կեդրոնի ատենագրութիւններուն վրայ իր տարած աշխատանքին մասին: Ան բացատրած է որ հայ կիները, Ցեղասպանութենէն վերջ ստիպուեցան երկկողմանի կեանք ապրիլ թուրքերու, քիւրտերու եւ արաբ Պէտէվիներու բնակարաններուն մէջ: “Թղթածրարներու մէջ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կան անձերու անուններուն եւ բնակութիւններուն մասին: Արձանագրուած է կիներուն թրքական եւ հայկական անունները, թէ ո՞ւրկէ եկած են անոնք, ո՞ւրտեղացի ամուսիններու հետ ամուսնութեան տրուած են բռնի կերպով, ի՞նչ էր անոնց հայ ամուսիններուն եւ իրենց զաւակներուն անունները: Երբ այս բոլորր ուսումնասիրեցի, տեսայ թէ ի՛նչպէս հայ կիները երկրին մէկ ծայրէն միւսը շպրտուած են” ըսած է Ադդարեան: Մահմետականացուած հայ կիներու մասին ելոյթ ունեցած է նաեւ Սապանճը համալսարանէն Այշէկիւլ Ալթընայ: Ան բացատրութիւններ տալէ ետք մահմետականացուած հայերու մասին տարած իր աշխատանքին շուրջ, ըսած է. “Վերապրող հայեր որդեգրուեցան մահմետական ընտանիքներու կողմէ, կամ ամուսնութեան տրուեցան, անոնք ստացան թրքական, քրտական եւ արաբական անուններ: Կ’ըսուի որ մահմետականացուած երկու հարիւր հազար հայ կիներ կան: Հիմա ուրեմն թիւը չենք գիտեր, բայց կարելի է ըսել որ քանի մը միլիոն մահմետական թուրք կայ, որ պէտք է նկատել որպէս հայերու հետ ազգականութիւն ունեցող: Այս նիւթի շուրջ մեծ թիւով վկայութիւն կայ, բայց այս վկայութիւնները գիտական աշխատասիրութիւներու մէջ տեղ չեն գտած: Որովհետեւ այս կիները պատմութեան կողմէ նկատուեցան այլեւս ոչնչացած հայ տարրեր”:
Ալթընայ իր ելոյթի ընթացքին խօսած է նաեւ «Թոռները» անուն իր գիրքին մասին, հոնկէ կարդալով բաժին մը. «Երբեմն, այն հաւաքոյթներու ընթացքին, որոնց կը մասնակցիմ, դէմ դիմաց կը մնամ անհաւատալի ազգայնապաշտութեան մը հետ եւ խոյս կու տամ հոնկէ: Ասիկա երբեմն թրքական ազգայնապաշտութիւն է, երբեմն՝ քրտական: Այն ատեն ես ալ անոնց “ես հայ եմ” կ’ըսեմ: Այլեւս ո՛չ մէկը զտարիւն քիւրտ կամ զտարիւն թուրք է»: