Մայիս 26-ին Վիեննայի ՀՀ դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի հասարակական կազմակերպութեան գործադիր կոմիտէի հերթական նիստը, որը կը վարէին կազմակերպութեան փոխ նախագահ Ալպերթ Բոյաջեանը եւ քարտուղար Բագրատ Բուռնազեանը:
Մասնակիցներուն միջեւ կային՝ աշխարհի աւելի քան 20 քաղաքներ ներկայացնող Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի գործադիր մարմնոյ անդամներ Պուէնոս-Այրեսէն, Լոս-Անճելըսէն, Մոնրէալէն, եւրոպական շարք մը քաղաքներէ՝ Մայնի Ֆրանքֆուրտ, Մանչեստեր, Վիեննա, Պուքրէշ, Սոֆիա, Մաղրեբի եւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէ՝ Գահիրէ, Աղեքսան- դրիա, Թեհրան, Հալէպ, Պէյրութ, Կոստանտնուպոլիս, Նիկոսիա եւ այլ անդամներ:
Նիստին ներկայ էր եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործով Համահայկական խաղերու կարեւորութեան մասին մասնակիցներուն ուղղուած խօսքով հանդէս եկաւ Աւստրիոյ եւ Վիեննայի մէջ տեղակայուած միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեանը:
Նիստի մասնակիցները քննարկեցին շարք մը օրակարգային նիւթեր, մասնաւորապէս՝ Համահայկական ձմեռային խաղերու կազմակերպման հնարաւորութիւնը, ամառային խաղերու ծիրէն ներս նոր մարզաձեւերու ընդգրկման, խաղերու աշխարհագրութեան ընդլայնման, Երեւանի մէջ խաղերու գրասենեակի ստեղծման, բովանդակային ու կազմակերպչական այլ հարցեր:
Նոյն օրը միջոցառման մասնակիցները այցելեցին Վիեննայի մէջ տեղակայուած Մխիթարեան միաբանութեան վանական համալիր, ծանօթացան միաբանութեան թանգարանին մէջ պահուող գանձերուն: Մխիթարեան միաբանութեան հանդիսութիւններու սրահին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքի ընթացքին կազմակերպութեան աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան հետագայ բարձրացման, հայութեան համախմբող անոր դերակատարութեան վերաբերեալ ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արման Կիրակոսեանը, Միաբանութեան Վիեննայի մասնաճիւղի հոգեւոր առաջնորդ հայր Պօղոս Գոճանեանը, Աւըս- տրիոյ մէջ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Տէր Հայկազուն եպիսկոպոս Նաջարեանը, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէ հասարակական կազմակերպութեան գործադիր կոմիտէի փոխ նախագահներ Ստեփան Տէրպետրոսեանը, Ալպերթ Բոյաջեանը եւ ուրիշներ: