Յստակ կոչ ուղղուեցաւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան, թէ պէտք է անպայման խնդրայարոյց հարցերուն անդրադառնայ, երբ Պաքու կ՛այցելէ կամ երբ ուժանիւթի հարցերու շուրջ կը բանակցի:

Եւրոպայի Հայ դատի մարմինը կը հաղորդէ, որ անցնող շաբաթավերջին, մէկ տարուան ընթացքին երրորդ անգամն ըլլալով, Եւրոպական Միութեան խորհրդարանը Սթրազպուրկի մէջ իր լիագումար նիստին ընթացքին  բուռն կերպով դատապարտեց Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքներու եւ խօսքի ազատութեան կոպիտխախտումներն ու որոշ մարզերու մէջ արժէքներու ամբողջական պակասը՝ յստակ կոչ ուղղելով Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան, թէ պէտք է անպայման այս հարցերը բարձրացնէ, երբ Պաքու կ՛այցելէ կամ երբ ուժանիւթի հարցերու շուրջ կը բանակցի:
Ազատական խմբակցութեան պատկանող հոլանտացի երեսփոխան Մարիչէ Մխաաքէ Պաքուի մէջ կազմակերպուած Եւրոտեսիլի մրցանքին ակնարկելով յայտնեց, որ «այս պահուս, երբ երգիչները իրենց ձայները կը մարզեն եւ մենք կը խօսինք մարդկային իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութեան մասին, Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպաններու բերանը կը փակուի: Միջազգային ընտանիքը չի խաբուիր շռայլութենէ եւ քարոզչութիւնէ, առաւել եւս փայլեցուած յայտարարութիւններէ»: Ան Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց իրենց պարտաւորութիւնները ստանձնելու:
Նոյն խմբակցութեան պատկանող ֆինլանտացի Միթրօ Ռեփօ նշեց, որ ինչպէ՞ս Ատրպէյճանը կրնայ ոչ մնայուն անդամ դառնալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին, երբ ինք իր երկրին մէջ ամէնէն կոպիտ ձեւերով կը կաշկանդէ մարդկային իրաւունքները:
«Ատրպէյճան իր պետական բարձրագոյն մակարդակներով եւ ամէն կարելի առիթի կը դատապարտէ եւ կը զրպարտէ Հայաստանն ու հայկական սփիւռքը՝ մեզ կոչելով խառնակիչներ եւ ցեխարձակողներ, որոնք կը սեւցնեն Ատրպէյճանի պատկերը», այս առիթով ըսած է Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, աւելցնելով, որ «այս պարագային սակայն, որ Եւրոպական խորհրդարանը իր բացառիկ օրակարգին մէջ ներառեց այս հարցը եւ նման բանաձեւ մը որդեգրեց, ինքնին փաստ մըն է, որ Ատրպէյճան չի կրնար այլեւս պահուըտիլ իր մատին (ուժանիւթին) ետեւ ու դատապարտել համայն աշխարհը իր թերութիւններուն համար»: