Մեր երէկուան թերթով հաղորդեցինք Սուրիոյ Հոմս քաղաքէն ներս հայկական դպրոցին եւ եկեղեցւոյ դէմ գործուած յարձակումին մասին։
Յաւելեալ մանրամասնելով, նշենք, թէ Սուրիոյ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները գործած են յարձակումը, ինչպէս որ հաղորդուեցաւ տեղական համայնքին կողմէ։
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ պատկանող «Իսահակեան» դպրոցը կը գտնուի Համիտիա շրջանէն ներս, որը բնակեցուած է հիմնականօրէն քրիստոնեայ արաբներով: Ընդդիմադիրները թալանած են հայկական եկեղեցին, իսկ դպրոցը վերածած են հիւանդանոցի եւ իրենց հանգստավայրի: Նշենք, որ սուրիական բանակը զերծ կը մնայ այդ շրջանէն ներս զինուած գործողութիւններու դիմելէ, քանի որ հոն քաղաքացիական մեծաթիւ բնակչութիւն կայ:
«eMedia.am» կայքի հետ զրոյցին ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տեր Վահրամ քահանայ Մելիքեանը նշած է, որ իրենք կապ հաստատած են Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպիսկոպոս Նալբանդեանի հետ, որ հաստատած է ընդդիմադիր ուժերու կողմէ հայկական եկեղեցւոյ ու դպրոցի շէնքի գրաւման մասին տեղեկութիւնը:
«Հայ համայնքի ու եկեղեցու կողմից այդ ուժերի հետ կապ է հաստատուել, որ վնաս չտրուի ո՛չ եկեղեցուն, ո՛չ դպրոցին: Անհրաժեշտ փաստաթղթերը դպրոցից արդէն դուրս են բերուել ու ներկայում հայութիւնը միջնորդական ջանքեր է գործադրում՝ խնդրի խաղաղութեան կարգաւորելու համար»,- յայտնած է Տէր Վահրամ քահանան: Ան նաեւ նշած է, որ միջադէպի հետեւանքով զոհեր ու վիրաւորներ չկան: