Զուիցերիոյ Ձախ կուսակցութեան պատգամաւորներ Ամինէ Քարապավէ, Ճէնս Հոլմ, Սիվ Հիլմա, Մարիան Պերկ եւ Բնապահպանութեան կուսակցութեան Կանաչներու պատգամաւորներ՝ Ժան Լինտհոլմ եւ Ուալթըր Մութ՝ դիմած են Օսլոյի մէջ Նոպէլեան Խաղաղութեան կոմիտէին, որ «Նոպէլեան Խաղաղութեան 2012»ի մրցանակը շնորհուի հրպարակագիր, գրող, մարդու իրաւունքներու պաշտպան, «Պելկէ» հրատարակչատան սեփականատէր Ռակըպ Զարաքօլուին:


Նոպէլեան կոմիտէին ուղարկուած դիմումին մէջ կÿըսուի, թէ միջազգային ճանաչում ունեցող, իր գործունէութեամբ մամուլի եւ մտքի ազատութեան խորհրդանիշ եղող Ռակըպ Զարաքօլու արժանի է այս մրցանակին: Այս մասին Սթոքհոլմէն կը յայտնէ թրքական «Էվրենսել» կայքը:
Դիմումնագիրին մէջ յատկապէս կÿըսուի, «Զարաքօլու իր կնոջ Այշէի հետ Թուրքիոյ մէջ բացարձակ  արգելք եղող Հայկական Ցեղասպանութեան, Քրտական հարցին, «Աթաթուրք եւ իսլամութիւն» նիւթով գիրքեր հրատարակած ըլլալուն  համար՝ դատուած եւ դատապար- տուած է ազատազրկման: Զարաքօլու՝ չնայած բոլոր ճնշումներուն եւ յարձակումներուն, կը շարունակէ պաշտպանել մտքի ազատու- թիւնը: Կը շարունակէ տարբեր մշակոյթներու միջեւ հաշտութեան համար նպաստ բերել»:
Բոլոր այդ ջանքերուն համար Զարաքօլուն (թրքական) պետութեան թիրախը դարձաւ: 1 Նոյեմբեր 2011ին ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ ըլլալու մեղադրանքով ձերբակալուեցաւ: Ռակըպ Զարաքօլու  իրականութեան եւ  հաշտութեան կողմնակից եղող  անհատականութիւն է: