Ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի 23 Յունուարին Սթրազպուրկի մէջ սկսած ձմեռնային նստաշրջանի ծիրին մէջ իր ելոյթի ընթացքին Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն անդրադարձած է նաեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումին:


Քամերոն ըսած է, թէ Ֆրանսայի խորհրդարանը ազատ է իր որոշումները տալու հարցին մէջ, սակայն այդ որոշումը բացասաբար պիտի ազդէ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ: «Անկասկած, անցեալին հայ ժողովուրդը ողբերգութիւն ապրած է, եւ մենք պէտք է այդ մասին խօսինք: Սակայն այսօր մենք պէտք չէ ապրինք անցեալով, պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք նաեւ ներկայ խնդիրներուն վրայ», ըսած է Բրիտանիոյ վարչապետը եւ աւելցուցած. «Կը կարծեմ, որ Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ աւելի սերտ յարաբերութիւններ պէտք է հաստատուին… Իսլամական Թուրքիան այսօր մեծ դեր կը խաղայ: Պէտք է այնպէս ընել, որ Թուրքիան ընդգրկուի Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ»: