Հայերը իրենց թիւով պաշտօնապէս կը կազմեն 0.86 տոկոս՝ 1.18 միլիոն մարդ: Իրականութեան մէջ սակայն, հայերուն թիւը առնուազն կրկնակի է։

Վերջերս հրապարակուած են 2010ի Ռուսիոյ մէջ իրականացած մարդահամարին տուեալները, որոնց համաձայն, նախորդ մարդահամարէն ի վեր, Ռուսիոյ բնակչութիւնը նուազած է 2.3 միլիոն մարդով: Նախորդ մարդահամարը տեղի ունեցած էր 2002ին:


Համաձայն մարդահամարի արդիւնքներուն, Ռուսիոյ բնակչութիւնը կը կազմէ 142.9 միլիոն մարդ: Բնակչութեան թիւով, Ռուսիա ամբողջ աշխարհին մէջ կը զիջի Չինաստանին՝ 1 միլիառ 335 միլիոն, Հնդկաստանին՝ 1 միլիառ 210 միլիոն, Միացեալ Նահանգներուն՝ 309 միլիոն, Ինտոնեզիային՝ 238 միլիոն, Պրազիլի՝ 191 միլիոն, Փաքիստանին՝ 165 միլիոն եւ Պանկլատեշին՝ 147 միլիոն:
Ռուսերը կը կազմեն այդ երկրի բնակչութեան 80.9 տոկոսը (115.2 միլիոն մարդ), թաթարները՝ 3.87 տոկոսը, իսկ ուքրանացիները՝ 1.41 տոկոսը:
Հայերը իրենց թիւով պաշտօնապէս կը կազմեն 0.86 տոկոս՝ 1.18 միլիոն մարդ: Սակայն, իրականութեան մէջ, հայերուն թիւը առնուազն կրկնակի է Ռուսիոյ մէջ, քանի որ մար- դահամարի հարցաթերթիկով հարցուող քաղաքացին իրաւունք ունի չնշելու իր ազգութիւնը:
Նաեւ, բացի ռուսերէն, հայերը իրենց թիւով պաշտօնապէս կը համարուին եօթներորդ ազգութիւնը Ռուսիոյ մէջ, իսկ ոչ պաշտօնա- կան տուեալներով, անոնք կրնան գրաւել չորրորդ  կամ հինգերորդ տեղը: