Եւրոպական Միութեան յատուկ յանձնախումբի մը ներկայացուցած զեկոյցին համաձայն, ի յայտ եկած են երեսփոխաններու ամսական վճարումներու գումարները, համաեւրոպական մակարդակի վրայ: Պարզուած պատկերը ցոյց կուտայ թէ ամէնէն բարձր ամսական ստացողները իտալացի երեսփոխաններ են, որոնց վճարումները 60%ով գրեթէ կը գերազանցեն եւրոպական միջին հաշիւը:
Ինչպէս յայտնի կը դառնայ իտալացի երեսփոխաններու վճարումները կը գերազանցեն 11.200 եւրօ ամսական գումարը, մինչ հոլանտացիները կը ստանան 8.500 եւրօ, աւստրիացիները 8.100 եւրօ, գերմանացիները 7.500 եւրօ եւ ֆրանսացիները 7.100 եւրօ:
Երկար ամիսներ տեւած վիճաբանութիւններէ ետք, Հռոմի մէջ խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի նախագահները պատրաստ են պատշաճեցումներ կատարելու երեսփոխաններու ստացած գումարներուն կապակցութեամբ: Նշենք թէ իտալական խորհրդարանը 630 աթոռ ունի, եւ Ծերակոյտը՝ 315: Այս ձեւով իտալական պետութիւնը տարեկան 13 միլիոն եւրօի խնայողութիւն պիտի ունենայ:
Լաւ որ Յունաստանի մէջ գէթ ծերակուտականներ չունինք...