Հովանաւորութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան, տեղի ունեցաւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանի «Գիր Կեանքի» հատորին շնորհահանդէսը, Կիրակի, Դեկտեմբեր 11ի յետմիջօրէին, եկեղեցւոյ «Վասպուրական» սրահին մէջ:

Օրուան հանդիսավարն էր գաղութի տաղանդաշատ համազգայնականներէն Ռուբինա Գասպարեան եւ օրուան բանախօս՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագիր, հրապարակախօս Զաւէն Թորիկեան:
«Գիր Կեանքի» հատորը տպագրութեան կը յանձնուի 2008ին: 2010ի վերամուտին, տէր Խորէն կը ստանձնէ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պարտականութիւնը, զոր կը շարունակէ ցայսօր:
Զաւէն Թորիկեան իւրայատուկ ոճով սկսաւ իր խօսքը՝ ըսելով. «Պարզ ու մէկին, ամենայն յոժարութեամբ, որոշեցի ժամանել Խաղաղականի այս ափին բազմած այս գեղեցիկ քաղաքը, խօսելու համար հայերէն եւ ներկայացնելու համար հայերէն գիրք մը: Ծայրայեղութիւն պիտի չըլլայ, այլ բծախնդրութիւն, գէթ քիչ մըն ալ անդին երթալով՝ պահանջատիրութիւն պիտի ըլլայ մատնանշելը՝ արեւմտահայերէնով տպուած գիրք մը: Այո՛, նոյնքան մեծ նուիրում է գուրգուրալը հայերէնին, արեւմտահայերէնին, եւ հակառակ աշխարհի վտանգուած լեզուներու շարքին մաս կազմելուն, ցայսօր կը տպուին Մեսրոպաշունչ լեզուով եւ այբուբենով գիրքեր»:
Ապա Թորիկեան շարունակեց իր խօսքը եւ ըսաւ. «Այս սխրագործութեան կարգին է Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանի «Գիր Կեանքի» խորագրեալ հատորը: Հաւանաբար բոլորս ալ իմացանք, որ դեռ վերջերս շրջանը այցելած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, 2012ն հռչակեց «Հայ Գիրք»ի տարի՝ յաւելեալ գուրգուրանք, սէր ու կապուածութիւն յայտնելով այդ հետզհետէ չքացող առարկային»:
Անդրադառնալով «Գիր Կեանքի» հատորի բովանդակութեան ու հոն կատարուած վերլուծումներուն՝ Զ. Թորիկեան ըսաւ. ««Գիր Կեանքի»ն տէր Խորէնին «Կեանքը ինչպէս որ է»ն է: Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան իր իւրայատուկ լուռ եւ լուրջ ցաւերը կը ներկայացնէ՝ սակայն բոլորովին տարբեր գրչով, դիտուած ոչ թէ միայն խորանէն, այլ խորքէն, խորունկ ու խոր խորհուրդէն: Վեց բաժիններէ բաղկացած այս գիրքը կը սկսի ծնունդէն, ծննդոցէն եւ կը հասնի աւարտ: «Գիր Կեանքին» ամբողջական ներկայացումն է տէր Խորէնի մտածումներուն, խոհերուն, խորհրդածութիւններուն եւ վերլուծումներուն:
Խօսք առնելով՝ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան իր շնորհակալութիւնները յայտնեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպող յանձնախումբին, Զաւէն Թորիկեանին, Ռուբինա Գասպարեանին, ապա իր խօսքը ուղղելով հանդիսականներուն՝ ըսաւ. «Այս գիրքով, որ կը պարփակէ փորձառաբար ըմբռնուած ու սահմանաւորուած նպատակը կեանքին, կտակուած՝ գալիք մեր սեւաչեայ սերունդներուն, է՛ նաեւ պատգամ մը ձեզի համար»: