­Սու­րիա­հա­յու­թեան շտապ օգ­նու­թեան եւ վե­րա­կանգ­նու­մի ­Հա­լէ­պի գոր­ծա­դիր մար­մի­նը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Ուր­բաթ՝ 7 ­Հոկ­տեմ­բեր 2016ին, ­Հա­յաս­տա­նի կող­մէ Հ.Հ. նա­խա­գա­հին հրա­մա­նա­գի­րով ա­ռա­քո­ւած եւ «­Սու­րիոյ եղ­բայր ժո­ղո­վուր­դին՝ խա­ղա­ղու­թեան մաղ­թանք­նե­րով» կո­չո­ւած բա­րե­գոր­ծա­կան մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն­

նե­րը հա­սան ­Հա­լէպ։

40 թոն կշռող օ­ժան­դա­կու­թեան մէկ մա­սը տրա­մադ­րո­ւած էր ­Լա­թա­քիոյ, ­Քե­սա­պի, ­Թար­թու­սի եւ ­Դա­մաս­կո­սի ժո­ղո­վուր­դին, իսկ գե­րակ­շիռ մա­սը հա­սաւ ­Հա­լէպ՝ տրա­մադ­րո­ւե­լու կա­րի­քա­ւոր հայ եւ ա­րաբ սու­րիա­ցի­նե­րուն։

­Մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը ստանձ­նեց Հ.Հ. ­Հա­լէ­պի գլխա­ւոր հիւ­պա­տո­սը, ներ­կա­յու­թեամբ հայ ե­րեք հա­մայն­քա­պետ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ «սու­րիա­հա­յու­թեան շտապ օգ­նու­թեան եւ վե­րա­կանգ­նու­մի կեդ­րո­նա­կան մար­մին»ին մաս կազ­մող հայ ազ­գա­յին ե­րեք կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու, Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Ս.Օ.Խ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։

Օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը յանձ­նո­ւե­ցան շտապ օգ­նու­թեան ­Հա­լէ­պի գոր­ծա­դիր մար­մի­նին։ Օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը կը պա­րու­նա­կէին հան­դեր­ձանք, սննդամ­թերք եւ ծխա­խոտ: