Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի քաղաքապետարանին որոշումով եւ Պենեարոլ թաղամասի բնակիչներուն խնդրանքով՝ Հոկտեմբեր 21ին, թաղամասի գլխաւոր հրապարակներէն մէկը անուանակոչուած է Մարթին Տէրեանի անունով, որ Հայոց
Ցեղասպանութենէն վերապրած հայերէն էր: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արաքս» ռատիոկայանը։
Մարթին Տէրեան ծնած է 1913 թուականին Մարաշ, մահացած` 2006 թուականին Մոնթեվիտէօ: Ցեղասպանութենէն փրկուելով եւ հաստատուելով Ուրուկուէյ` Պենեարոլ թաղամասին մէջ հիմնած է խանութ, որ կ՝աշխատի 40 տարիէ ի վեր: Տէրեանն ու իր տիկինը մշտապէս օգնութեան ձեռք մեկնած են թաղամասի չքաւոր երեխաներուն` տարրական սնունդ հայթայթելով անոնց: Հրապարակի բացման արարողութեան նշուած է, որ Պենեարոլի բնակիչները չեն կրնար մոռնալ այդ օգնութիւնը, իսկ հրապարակի անուանափոխումով՝ անոնք վառ կը պահեն Մարթին Տէրեանի յիշատակը:
Մարթին Տէրեան 90ականներուն ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիր: Անոր վկայութիւններով՝ ստեղծուած է փաստավաւերագրական ժապաւէն` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան: