4 Սեպտեմբեր 2016ին Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի նախագահէ Մայր Թերեզա Կալկաթացիի սրբադասման արարողութեան, կը հաղորդէ «Ազդակ»:
Նշենք, որ Մայր Թերեզա Կալկաթացին մեծ ազդեցութիւն ունեցած է հայ կաթողիկէ մայրապետ քոյր Արուսեակ Սաճոնեանի վրայ, որ իր կարգին ճանչցուած է իբրեւ Հայաստանի Մայր Թերեզան:
1945ին Հալէպի մէջ ծնած եւ ապա Սուրիոյ եւ Պէյրութի մէջ ապրած քոյր Արուսեակ Սաճոնեան, 20 տարեկանին, անդամակցած էր Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան, որպէսզի ան հոգեւոր առաքելութեամբ գործուղուէր Հայաստան: Սակայն անոր պատասխանատուները զինք կը գործուղեն Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիա նահանգը, ուր կը յաջողի հիմնել հայկական դպրոց մը եւ անոր տնօրինութիւնը ստանձնել 25 տարիներ շարունակ:
Սակայն Հայաստանի 1988ի երկրաշարժը եւ անոր հետեւանքները զինք կը մղեն լքելու ամէն պաշտօն ու փութալու Հայաստան, ուր ան կը կատարէ բարեսիրական, կրթական եւ ընկերային բազմաթիւ աշխատանքներ, հոգատարութիւն կը ցուցաբերէ որբերուն եւ տարեցներուն նկատմամբ` հիմնելով Գիւմրիի «Պօղոսեան» համալիրը, «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը եւ Քանաքեռի մէջ «Անի Պէզիքեան» երիտասարդական կեդրոնը:
Քոյր Արուսեակ Սաճոնեանի անունը անջնջելիօրէն կապուած է Հայաստանի երկրաշարժէն աղէտահար հայրենի քաղաք Գիւմրիին եւ Շիրակի մարզին հետ։