Իրանեան կողմը հետաքրքրուած է Հայաստանի մէջ հողմային ելեկտրականութեան ոլորտին մէջ ներդրումներ կատարելով, ինչպէս նաեւ 50 մեկաուաթ ընդհանուր հզօրութեամբ հողմակայաններ կառուցելով:
Հայաստանի ուժանիւթի նախարարութենէն յայտնած են, որ այս մասին նշուած է Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Լեւոն Եոլեանի Իրան տուած այցելութեան ու հոն ունեցած հանդիպումներու ընթացքին։
Յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առնուած են ուժանիւթի, կազի, նաւթի, նաւթամթերքներու եւ հանքարդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ հայ-իրանեան համագործակցութեան ծրագիրներու իրականացման ընթացքին, ինչպէս նաեւ ընդլայնման հեռանկարներուն առնչուող հարցեր:
Այցելութեան ծիրին մէջ, Լ. Եոլեան հանդիպումներ ունեցած է Իրանի առաջին փոխ-նախագահ Է. Ճահանկիրիի, ուժանիւթի նախարար Հ. Չիթչիանի, նաւթի նախարար Բ. Զանկանէի, արդիւնաբերութեան, հանքերու եւ առեւտուրի նախարար Մ. Նեմաթզատէի հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին արծարծուած են հայ-իրանեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան հարցեր, որոնց գծով առկայ եղած է փոխըմբռնման եւ համաձայնութեան բարձր մթնոլորտ: Իրանեան կողմը իր հետաքրքրուածութիւնն ու պատրաստակամութիւնը յայտնած է Հայաստանի հետ համագործակցութեան տարբեր ծրագիրներու իրականացման, գործակցութեան դաշտի խորացման եւ ընդլայնման առնչութեամբ:
Անդրադարձ կատարուած է Իրան-Հայաստան ելեկտրահաղորդակցութեան երրորդ բարձրավոլթ օդային գիծի, Մեղրի եւ Ագարակ համայնքներուն մէջ կազացման ծրագիրներուն: Դիտարկուած են Արաքս գետին վրայ ջրելեկտրակայանի կառուցման ծրագիրի աշխուժացման, այլ եղանակներով իրականացման կարելիութիւնները:
Հանդիպումներու ընթացքին իրանեան կողմը յայտնած է, որ հետաքրքրուած է Հայաստանի մէջ հողմային ուժանիւթի ոլորտին մէջ ներդրումներ իրականացնելով, 50 մեկաուաթ ընդհանուր հզօրութեամբ հողմակայաններ կառուցելով, ինչպէս նաեւ իրանեան հեղինակաւոր արտադրողներու մասնաճիւղեր բանալով: