­altԳա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան ­Հիմ­նար­կու­թեան «հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մունք»ը շա­բաթ մը տե­ւո­ղու­թեամբ աշ­խա­տա­նոց մը կազ­մա­կեր­պեց՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի իւ­րաց­ման հար­ցե­րուն շուրջ։ Այս աշ­խա­տա­նո­ցը կ­՚ար­ձա­նագ­րո­ւի բա­ժան­մուն­քի հե­ռան­կա­րա­յին ա­

ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցող ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րաշ­խու­ժաց­ման ծրագ­րի ծի­րին մէջ։

­Յա­տուկ հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը կը տե­ղե­կա­ցո­ւի, թէ հա­ւա­քին նպա­տակն էր շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք­ներ սահ­մա­նել եւ զա­նոնք ի­րա­գոր­ծե­լու պար­տա­կա­նու­թիւնն ու­նե­ցող խմբակ­ներ ստեղ­ծել։ Աշ­խա­տա­նո­ցի պա­տաս­խա­նա­տուն էր՝ Ա­նի ­Կար­մի­րեան, օ­ժան­դա­կու­թեամբ՝ Ա­նի ­Գու­լեա­նի:

­Նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ծա­գում ա­ռաւ «­Դաս­տիա­րակ­չա­կան նո­րա­րա­րու­թիւն­ներ. 21րդ ­դա­րուն ա­րեւմը­տա­հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւանդ­ման մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը» գի­տա­ժո­ղո­վէն, որ կա­յա­ցաւ 2015ին ­Փա­րի­զի մէջ, «Ի­նալ­քօ»ի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։
­Հայ­կա­կան ­Բա­ժան­մուն­քին յանձ­նա­ռու­թիւնն է՝ իր ծրագ­րե­րը զար­գաց­նե­լու եւ կի­րար­կե­լու ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տող մաս­նա­գէտ­նե­րու հետ գոր­ծակ­ցիլ։ Առ այդ՝ ­Բա­ժան­մուն­քը 41 հո­գի հրա­ւի­րած էր, մե­ծա­մաս­նու­թեամբ դաս­տիա­րակ­չա­կան մար­զին մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով զբա­ղող­ներ, ո­րոց­մէ 15ը ­Փա­րի­զի գի­տա­ժո­ղո­վին ներ­կայ էին։ Ա­մէն մէ­կը իր ու­րոյն փոր­ձա­ռու­թիւ­նը բե­րե­լու հրա­ւի­րո­ւած էր եւ բո­լո­րը պատ­րաստ էին միա­սին աշ­խա­տե­լու, զար­գաց­նե­լու հա­մար լե­զո­ւի դա­սա­ւանդ­ման նո­րա­րար ձե­ւեր։ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի փո­խան­ցու­մը այ­սօր ի­րօք լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­ներ կը դի­մագ­րա­ւէ։

­Հա­յա­խօս Ս­փիւռ­քը իր տրա­մադ­րու­թեան տակ ե­ղող դպրոց­նե­րու եւ ու­սու­ցիչ­նե­րու կող­քին՝ պէտք ու­նի լե­զո­ւի իւ­րաց­ման նո­րա­րար մե­թոտ­նե­րու, ժա­մա­նա­կա­կից չա­փա­նի­շե­րով պատ­րաս­տո­ւած հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս ե­րա­խա­նե­րուն եւ պա­տա­նի­նե­րուն ուղ­ղո­ւած իւ­րա­յա­տուկ թարգ­մա­նա­կան գրա­կա­նու­թեան մը։

­Պէտք ու­նի նաեւ դաս­տիա­րակ­չա­կան նոր գոր­ծիք­նե­րու եւ դպրո­ցա­կան այժ­մէա­ցած ծրա­գիր­նե­րու, ո­րոնց մէջ ընդգր­կո­ւած ըլ­լան գե­ղա­րո­ւես­տը, ե­րաժշ­տու­թիւ­նը եւ թատ­րո­նը։ Ու վեր­ջա­պէս՝ կայ­քէջ մը պատ­րաս­տե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կը զգա­ցուի, հնա­րա­ւոր դարձ­նե­լու հա­մար Ս­փիւռ­քի մէկ հա­մայն­քէն միւ­սը՝ ցան­ցի մը ստեղ­ծու­մը եւ յա­ջող մօ­տե­ցում­նե­րու շուրջ փո­խա­նա­կու­թիւ­նը։