Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Ժան-Քլօտ Եունքեր Յուլիս 25ին յայտարարած է, որ Թուրքիա մօտ օրէն Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու իրավիճակի մը մէջ չէ եւ անդամակցութեան շուրջ Թուրքիոյ հետ բոլոր բանակցութիւնները անմիջապէս պիտի դադրեցուին, եթէ
վերականգնէ մահապատիժը:
Եունքեր պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է. «Կը հաւատամ, որ Թուրքիան, իր ներկայ վիճակով, մօտ օրէն անդամ դառնալու իրավիճակի մը մէջ չէ եւ երկար ժամանակ այդ իրավիճակին մէջ պիտի չըլլայ»: Ան ըսաւ, որ երկիր մը, որուն օրէնսդրութեան մէջ մահապատիժ գոյութիւն ունի, Եւրոպական Միութեան մէջ որեւէ տեղ չունի: