altՖրանսայի Նիս քաղաքին մէջ, Յուլիս 14ի երեկոյեան, երբ ֆրանսացիները կը նշէին ազգային տօնը՝ Պասթիյի Օրը, ահաբեկչական յարձակում մը տեղի ունեցաւ։ Ինչպէս կը հաղորդուի, բռնատար ինքնաշարժ մը մխրճուեցաւ ազգային տօնին առիթով քաղաքի կեդրոնական

հատուածներէն մէկուն, ուր հաւաքուած էր բազմութիւն։ Ապա՝ ինքնաշարժէն վար իջնելով, վարորդը կրակ բացաւ մարդոց վրայ։ Կը հաղորդուի, թէ վարորդը սպաննուեցաւ ոստիկաններուն կողմէ։ Անմեղ զոհերու եւ վիրաւորներու թիւը վայրկեանէ վայրկեան կ՚աւելնայ։