ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Պաքուի մէջ իր ատրպէյճանցի պաշտօնակիցին` Էլմար Մամետեարովին հետ հանդիպումէն ետք, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակա
մարտող կողմերը տագնապի լուծման յաջողութեան շատ աւելի մօտ են, քան երբեւիցէ, սակայն մանրամասնութիւններ բացայայտելու համար տակաւին կանուխ է:
«Մենք հիմքեր ունինք ենթադրելու, որ այս անգամ շատ աւելի կը մօտենանք յաջողութեան հեռանկարին, քան ինչ որ եղած է մինչեւ հիմա»,- ընդգծած է Լաւրով` աւելցնելով, որ 20 Յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ եղած համաձայնութեան մանրամասնութիւնները պիտի չբացայայտէ:
«Հասկնալի պատճառներով` մենք հրապարակաւ չենք քննարկեր այն գաղափարները, որոնք կը քննարկուին հանդիպումի ծիրին մէջ: Երեք երկիրներու ղեկավարները 20 Յունիսին համաձայնած են, որ զգուշաւորութեամբ պիտի վերաբերին յոյսի այն ծիլերուն հետ, որոնք յայտնուած են: Ոչ թէ այն պատճառով, որ բան մը կը պահենք, այլ պարզապէս ասիկա բանակցութիւններու ժամանակ բարոյակարգային արժեչափ է»,- աւելցուցած է Լաւրով:
ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Լաւրով նշած է.- «Ներկայ քննարկումները նախագահներու հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութեան իրագործման ճամբուն վրայ կարեւոր քայլեր են»: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան, Ռուսիոյ հետ բոլոր մարզերուն մէջ կապերը զարգացնելու համար` ընդգծելով, որ այցելութիւնը, ընդհանուր առմամբ, կառուցողական էր:
ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Մամետեարով նաեւ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` ըսելով.- «Ներկայիս մենք աշխոյժ երկխօսութեան, նոյնիսկ եռախօսութեան ձեւաչափի մէջ ենք: Մինսքի Խմբակի համանախագահները աշխուժօրէն կը մասնակցին քննարկումներուն: Ատոր նպատակը յառաջընթաց արձանագրելն է այն հարցերուն մէջ, որոնց շուրջ դեռ համաձայնութիւն չէ գոյացած: Մենք պէտք է քայլ առ քայլ լուծենք այս հարցերը, որպէսզի լուծենք տագնապները, որոնք վտանգ կը ներկայացնեն համաշխարհային անվտանգութեան»:
Նախապէս Լաւրով Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ան հանդիպումէն ետք յայտարարած էր, որ Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացը կը շարունակուի:
«Նախագահ Փութին մեծապէս կը գնահատէ Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումին արդիւնքները»,- յայտարարած էր Լաւրով` յոյս յայտնելով, որ այդ հանդիպումը վճռական ազդեցութիւն ունենայ Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ:
Ըստ ատրպէյճանական «Հաքքին» գործակալութեան, խօսելով Ատրպէյճանի հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն մասին` Լաւրով նշած է, որ անոնք բաւական յագեցած են: