Ա.Մ.Ն. Քենթաքի նահանգին մէջ կառուցուած է Նոյեան Տապանի ուշագրաւ կրկնօրինակը` Ark Encounterը, որ Յուլիս 7էն սկսեալ բաց է՝ այցելութեան համար: Տապանը ունի 155 մեթր երկարութիւն, իսկ անոր մէջ կան այն բոլոր կենդանիներուն կրկնօրինակները, որոնց, ըստ
Աստուածաշունչի, ջրհեղեղէն փրկած է Նոյը: Տապանի կառուցման աշխատանքները իրականացուցած է Answers in Genesis կրօնական կազմակերպութիւնը, որ կը հաւատայ աշխարհի արարման աստուածաշնչեան տարբերակին:
Կազմակերպութեան կանխատեսման համաձայն` տապանը յառաջիկայ 1 տարուան ընթացքին պիտի ունենայ 1,4 միլիոն այցելուդ, ինչ որ 4 միլիառ տոլարի եկամուտ պիտի բերէ նահանգային պիւտճէին: Յայտնի է, որ Ark Encounterի կառուցման համար պահանջուած է 2 տարիէն ալ քիչ ժամանակ, իսկ շինարարական ծախսերը կազմած են մօտ 100 միլիոն տոլար: Հետաքրքրական է, որ տապանի կառուցման աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած են բացառապէս քրիստոնեայ մասնագէտներ ու շինարարներ: