Հեղինակաւոր CNN հեռուստաալիքը անդրադարձած է ծագումով հայ գերմանացի պոտիպիլտէր (մարմնամարզիկ) Պատրիկ Բաբումեանին։
Պատրիկ Բաբումեան ուժեղ է, միեւնոյն ժամանակ արդէն երկար տարիներ կը սնուի բացառապէս բուսական սնունդով։
«Բաբումեանը 2011թ. Փարիզի մէջ նուաճած է «Գերմանիայի ամենաուժեղ մարդ» տիտղոսը։ Այդ ժամանակ ան արդէն բուսակեր էր։ Հրաժարելով միսէն եւ կենդանական ծագմամբ սնունդէն՝ Բաբումեան աւելի ուժեղ դարձած է եւ կարողացած է նուաճել նորանոր ռեքորներ»,- կը մեկնաբանէ ամերիկեան հեռուստաընկերութիւնը։
37ամեայ Պատրիկ Բաբումեան այժմ կը շրջագայի ամբողջ աշխարհի մէջ՝ ապացուցանելով, որ կարելի է ըլլալ ուժեղ եւ առողջ՝ հրաժարելով կենդանական ծագումով սնունդէ։ Պատրիկը ծնած է Իրաքի Աբատան քաղաքը, հայկական ընտանիքի մէջ։ 7 տարեկանին ան ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Գերմանիա, ուր սկսած է զբաղելու փրոֆեսիոնալ (արհեստավարժ) ուժային մարզաձեւով։
2013ին ան համաշխարհային ռեքոր (մրցանիշ) սահմանեց՝ ուսերուն 555 ք.կ. ծանրութեամբ տասը մեթր քալելով։ «Բուսակեր դառնալէ ետք, կեանքիս մէջ ամէն ինչ կարգաւորեցաւ: Ես աւելի ուժեղացայ եւ ծանրամարտի Եւրոպայի 3 առաջնութիւններուն ալ յաղթեցի, համաշխարհային ռեքորներ սահմանեցի:
Ես նկատեցի, որ միսի օգտագործումէ հրաժարելէ ետք իմ արեան ճնշումը կարգաւորուեցաւ, իսկ վնասուածքներէ ետք ապաքինման գործընթացն ալ՝ արագացաւ»,- նշած է Բաբումեան: