altԱպ­րի­լին, Ար­ցա­խեան չորսօ­րեայ պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն, ­­Գա­նա­տա­յի ­­Հայ Օգ­նու­թեան ­­Միու­թեան (Հ.Օ.Մ.) կա­ռոյ­ցը ան­մի­ջա­պէս զօ­րա­շար­ժի են­թա­կեց իր շար­քե­րը եւ ­­Գա­նա­տա­յի տա­րած­քին նա­խա­ձեռ­նեց նուիրա­հա­ւաք­ներ։

 

Այս առնչու­թեամբ յա­ւելեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նա­լու հա­մար «­­Հո­րի­զոն»ի խմբագ­րու­թիւ­նը կապ հաս­տա­տեց Հ.Օ.Մ.ի ­­Գա­նա­տա­յի Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ընկհ. Ար­մի­նէ ­­Կա­րա­պե­տեա­նի հետ։ Զ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին ընկհ. ­­Կա­րա­պե­տեան յայտ­նեց.- «Ս­կիզ­բը նա­խա­տե­սած էինք 50.000ի գու­մա­րով օ­ժան­դա­կել:

Ու­րա­խու­թեամբ կը յայտ­նենք, որ մեր շրջա­նը Ար­ցա­խի ի նպաստ նո­ւի­րա­հա­ւա­քի գու­մա­րը հաս­ցուց 80.000 ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի։ Այս ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը քա­ջա­լե­րա­կան է, ո­րով­հե­տեւ ցոյց կու տայ, թէ մեր ազ­գա­յին­նե­րը ինչ­պէս կ­­՚ան­սան Հ.Օ.Մ.ի կո­չե­րուն՝ յատ­կա­պէս նման հրա­տապ ազ­գա­յին հար­ցի պա­րա­գա­յին»։