Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 5 Յուլիսին ցաւակցական հեռագիր յղած է Նոպէլեան մրցանակակիր, «Աւրորա» միջազգային մարդասիրական մրցանակաբաշխութեան ընտրող յանձնախումբի համանախագահ, մարդասէր Էլի Վիզելի մահուան առիթով: «
Վերապրելով հոլոքոստէն` ան իր ամբողջ կեանքը անցուց պայքարելով անարդարութեան, անհանդուրժողականութեան եւ անտարբերութեան դէմ:
Մենք բարձր կը գնահատենք Էլի Վիզելիի ներդրումը անցեալին կատարուած ցեղասպանութիւններու մասին բարձրաձայնելու եւ «Այլեւս երբեք» կարգախօսին հաւատարիմ` նման սարսափելի յանցագործութիւններէն զերծ ապագայ կերտելու գործին մէջ: Անուրանալի են անոր հետեւողական ջանքերը` միտուած Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման:
Հաւատացած եմ, որ Էլի Վիզելի արդարութեան կոչերը կը յաւերժանան` իրենց արձագանգը գտնելով նաեւ ցեղասպանութիւններու նախատիպ դարձած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւերուն մէջ` իբրեւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման նուազագոյն անհրաժեշտ միջոց»,- նշուած է նախագահի հեռագիրին մէջ:
Սերժ Սարգսեան մեծ պատիւ նկատած է այն, որ Էլի Վիզելի դարձած է «Աւրորա» մարդասիրական միջազգային մրցանակաբաշխութեան ընտրող յանձնախումբին համանախագահ: