Հինգշաբթի՝ 23 Յունիս 2016ին, Սուրիոյ խորհըրդարանի նիստի ընթացքին, երեսփոխան Նիտալ Հմետի ելոյթով մը հանդէս եկած է:Ան լուսարձակի տակ առած է աւելի քան 101 տարի առաջ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ասորիներուն Սէյֆոն եւ այլ քրիստոնեաներու դէմ կատարուած ջարդերը: Հմետի յիշեց
ման կարգով նշած է Համիտեան ջարդերը, որոնք տեղի ունեցած են նաեւ Սուրիոյ հիւսիսային տարածքին մէջ:
Ան շեշտած է 1915ին թուրքերու կողմէ կատարուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ընդգծած, որ թրքական ահաբեկչութիւնը ցարդ կը շարունակուի: Երեսփոխան Նիտալ Հմետի իր խօսքի աւարտին պահանջած է, որ Սուրիոյ խորհրդարանը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներուն դէմ գործուած ջարդերը: