Հինգշաբթի օր, Ա.Մ.Ն. արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի հրապարակեց աշխարհի տարածքին «մարդկային թրաֆիքինկ»ի մասին 2016ի զեկոյցը, ուր կը տեղեկագրուի, թէ 2015ին երկրագունդի 188 երկիրներ ինչպէ՛ս պայքարած են այս լուրջ յանցագործութեան դէմ:
Հայաստան արդէն 4րդ տարին անընդմէջ տեղ կը գրաւէ առաջին խումբին մէջ, այսինքն՝ շարքին է այն երկիրներուն, որոնք լիարժէք ու բաւարար ջանքեր կը գործադրեն «թրաֆիքինկ»ի դէմ պայքարին գծով:
188 երկիրներէն իւրաքանչիւրին վերաբերեալ զեկոյցը կը նշէ «մարդկային թրաֆիքինկ»ի ծաւալը, կառավարութեան կողմէ «թրաֆիքինկ»ի դէմ պայքարին գծով գործադրուած ջանքերը եւ «մարդկային թրաֆիքինկ»ի միտումները աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ:
Զեկոյցի հայաստանեան բաժինին մէջ ընդգծուած է «թրաֆիքինկ»ի դէմ պայքարի աշխատանքային խումբի առանցքային դերը: Այս խումբին մէջ ընդգրկուած են կառավարութենէն, քաղաքացիական հասարակութենէն եւ միջազգային կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ:
«Այս աշխատանքային խմբի յաջողութիւնը ցոյց է տալիս, թէ ինչպիսի՛ նուաճումների կարելի է հասնել այն դէպքում, երբ կառավարութիւնն ու քաղաքացիական հասարակութիւնը իրար լսում են եւ համագործակցում: Այս աշխատանքային խումբը օրինակ է ծառայում բարդ եւ դժուարին խնդիրների դէմ պայքարելու գործում»,- յայտնած է Հ.Հ.ի մօտ Ա.Մ.Ն. դեսպան Ռիչըրտ Միլզ: