Ուրբաթ, 1 Յուլիսի երեկոյեան նիստին, Ֆրանսայի Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ քուէարկեց Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ առաջարկուած եւ բանաձեւուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծին: Ըստ սահմանադրութեան` այս օրինագիծը առ այդ կը յղուի Ծերակոյտին, որ իր կարգին պիտի քննարկէ եւ քուէարկութեան դնէ յառաջիկայ սեպտեմբերին:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի ուղղակի թելադրանքով ընթացած այս օրէնքի հետապնդումը երկար տարիներէ ի վեր մօտէն կը հետապնդուի Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին եւ անոր մաս կազմող ՀՅԴ-ի եւ Հայ դատի կողմէ:

Կեդրոնական կոմիտէս կ’ողջունէ Ազգային ժողովի այս քայլը, շնորհակալութիւն կը յայտնէ արդարութեան ջատագով անոր երեսփոխաններուն եւ կ’ակնկալէ, որ Ծերակոյտը իր կարգին դրսեւորէ քաղաքական միեւնոյն կամքը, հակառակ թրքական ամէն տեսակ ճնշումներուն: Նախագահ Հոլլանտի նախընտրական խոստումը հանդիսացող այս օրէնքին ձեռքբերման ի խնդիր` ֆրանսահայութիւնը իր բոլոր հոսանքներով անխտիր պիտի շարունակէ իր պայքարը, յանուն արդարութեան վերջնական հաստատման:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

1 յուլիս 2016, Փարիզ