Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաուն, նահանգի 2016-2017 թուականի պիւտճէէն, 1 միլիոն տոլար յատկացուցած է Կլենտէյլ քաղաքին մէջ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի կառուցման նախագիծին:
Ինչպէս կը յայտնէ «Ասպարէզ», այս մասին ըսած է թանգարանի գործադիր խորհուրդի համանախագահ, Արքեպիսկոպոս Յովնան Տէրտէրեան:
«Թանգարանի կառուցման աշխատանքներու մեկնարկային փուլին, Քալիֆորնիա նահանգին կողմէ տրամադրուած տնտեսաւորումը կարեւոր խթան պիտի հանդիսանայ թանգարանի կառուցման համար՝ այլ ներդրումներ գրաւելու առումով»,- Tert.amի փոխանցմամբ՝ ըսած է Տէրտէրեան Արքեպիսկոպոս: Նոյնպէս Խորհուրդի համանախագահ՝ Արքեպիսկոպոս Մուշեղ Մարտիրոսեան տուեալ յատկացման համար իր երախտագիտութեան խօսքը յղած է Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի նախագահին ու շարք մը անդամներու, որոնք Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի տնտեսաւորման հարցը ներառած են պիւտճէի վերաբերեալ քննարկումներուն մէջ:
Թանգարանի գործադիր յանձնաժողովի նախագահ Պերճ Կարապետեան իր հերթին նշած է, որ նահանգային իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուած է նշանակալի քայլ՝ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի նախագիծն իրականութիւն դարձնելու համար: Ըստ Կարապետեանի` սա ամենակարեւոր առաջին քայլն է, որ իր ետեւէն այլ խոշոր ներդրումներ պիտի բերէ: Կառուցուելիք Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի շէնքը իր մէջ կը ներառէ ցուցասրահներ, ուսուցողական կեդրոններ, փոքրիկ թատրոն ու դասասենեակներ: 1,7 հա. մակերեսով թանգարանը դուրսէն շրջապատուած պիտի ըլլայ գեղեցիկ պարտէզով: