Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը տարածած է յայտարարութիւն մը, ուր կոչ կ’ուղղէ ամերիկահայերուն եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն՝ այցելելու anca.org/paylan կայքը ու պահանջելու, որ Պետքարտուղարութիւնը եւ մարդկային իրաւանց
պաշտպան առաջատար կազմակերպութիւնները դատապարտեն Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի նկատմամբ յարձակումներն ու հետապնդումները:
«Բոլոր այն քաղաքացիները, որոնք մտահոգուած են հայկական իր ծագման ու տեսակէտները ազատօրէն արտայայտելու պատճառով յարձակումներու ենթարկուած Կարօ Փայլանի՝ Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւորին անվտանգութեան համար, կրնան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին ստեղծած յատուկ կայքին միջոցով դիմել Պետքարտուղարութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան առաջատար կազմակերպութիւններուն՝ կոչ ուղղելով անոնց, որպէսզի հանդէս գան ի նպաստ Կարօ Փայլանի պաշտպանութեան»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Թուրքիոյ խորհրդարանէն ու սահմանադրական յանձնաժողովէն ներս Կարօ Փայլանի վրայ կատարուած յարձակումներու տեսագրութիւնները հրապարակուած ու ցուցադրուած են բազմաթիւ լրատուամիջոցներով: Նախորդ շաբաթ, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ ուղղած էր Թուրքիոյ Ա.Մ.Ն. դեսպան Ճոն Պասին՝ Ա.Մ.Ն.ի մտահոգութիւնը յայտնելու Կարօ Փայլանի անվտանգութեան վերաբերեալ: Մայիսի 3ին ուղարկուած նամակով մը՝ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան Փայլանը համեմատած է հայ լրագրող Հրանդ Տինքի հետ, որուն 2007ին օր-ցերեկով սպաննած էին Թուրքիոյ մէջ:
«Նախքան Տինքի սառնասիրտ սպանութիւնը եւս, Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ ուղղած էր Ա.Մ.Ն.ին՝ հրապարակաւ մտահոգութիւն յայտնելու անոր անվտանգութեան գծով: Ցաւօք, նման ոչ մէկ յայտարարութիւն եղաւ: Դատապարտման հրապարակային բառերը հնչեցին միայն անոր մահէն ետք»,- նշած է Համբարեան: