Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի, Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման տարեդարձին առիթով, հայ եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ՛ունենան Հայրապետական Մաղթանքի արարողութիւններ:
Այս տարի եւս, Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական ընտրութեան (28 Յունիս 1995) եւ օծման (1 Յուլիս 1995) 21րդ տարեդարձին առիթով, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք: Եկեղեցական արարողութեան ներկայ էր Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Իթանիի ներկայացուցիչ` Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Յակոբ Թերզեան:
Օրուան պատարագիչ Պսակ Աբղյ. Թեփիրճեան, իր քարոզին ընթացքին անդրադառնալով վեհափառ հայրապետին գահակալութեան, ըսաւ.- «Կ՚աղօթենք մեր Ս. Աթոռին ազգընտիր հովուապետին առողջութեան եւ առաքելութեան յաջողութեան համար:
Վեհափառ տէ՛ր, որպէս խոնարհագոյն ծառան այս միաբանութեան, թոյլ տուէ՛ք, որ մեր ժողովուրդին սիրեցեալ զաւակներուն սրտին թարգմանը հանդիսանամ ու մեր բոլորին աղօթքը խունկի ճամբով բարձրացնեմ առ Աստուած: Ի սրտէ կ՚աղօթեմ, որ Սուրբ Հոգւոյն շնորհները այսօր, անգամ մը եւս, հեղու Ձերդ վեհափառութեան վրայ, որպէսզի Ձեր ճամբով` առաւել ծաղկազարդուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր Կաթողիկոսութիւնը»: