­altՀա­յաս­տան իր այ­ցե­լու­թեան նա­խօ­րեա­կին, Ֆ­րան­սիս­կոս ­Պա­պը ուղ­ղած է հե­տե­ւեալ ու­ղեր­ձը.
«­Սի­րե­լի՛ եղ­բայր­ներ եւ քոյ­րեր, քա­նի մը օր ետք մեծ ու­րա­խու­թեամբ պի­տի ըլ­լամ ձե­զի հետ, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ:

«Այս պա­հէն ար­դէն, կը հրա­ւի­րեմ ձեզ ա­ղօ­թե­լու այս ա­ռա­քե­լա­կան ճամ­բոր­դու­թեան հա­մար: Աս­տու­ծոյ օգ­նու­թեամբ կու գամ ձեր քով, ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար, ինչ­պէս ճամ­բոր­դու­թեան կար­գա­խօ­սը կ­՛ը­սէ` «Այ­ցե­լու­թիւն ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ եր­կիր»: Ես կու գամ իբ­րեւ ուխ­տագ­նաց, այս յո­բե­լի­նա­կան տա­րո­ւան ըն­թաց­քին թաթ­խո­ւե­լու ձեր ժո­ղո­վուր­դին հնա­գոյն ի­մաս­տու­թեան մէջ եւ ըմ­պե­լու ձեր ժայ­ռէն` ինչ­պէս ձեր յայտ­նի փո­րա­գիր խաչ­քա­րերն են, հա­ւատ­քի աղ­բիւ­րէն:

«­Կու գամ դէ­պի ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռեղ­ծո­ւա­ծա­յին բար­ձունք­նե­րը` իբ­րեւ եղ­բայր, մղո­ւած ձեր դէմ­քե­րը տես­նե­լու փա­փա­քէն, ա­ղօ­թե­լու ձե­զի հետ եւ կի­սե­լու բա­րե­կա­մու­թեան պար­գե­ւը: ­Ձեր պատ­մու­թիւ­նը եւ ձեր սի­րե­լի ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ կա­տա­րո­ւած­նե­րը իմ մէջս կը յա­ռա­ջաց­նեն հիաց­մունք եւ վիշտ:
«­Հիաց­մունք՝ քա­նի որ ­Յի­սու­սի խա­չին ու ձեր տա­ղան­դա­ւոր մտքին մէջ գտած էք կրկին ոտ­քի կանգ­նե­լու ու­ժը` նոյ­նիսկ ա­մէ­նէն սար­սա­փե­լի տա­ռա­պանք­նե­րէն ետք, զորս պատ­մու­թիւ­նը կրնայ յի­շել:

«­Վիշտ` այն ող­բեր­գու­թիւն­նե­րուն հա­մար, զորս ձեր հայ­րե­րը կրած են ի­րենց մաշ­կին վրայ: ­Թոյլ չտանք, որ ցա­ւոտ յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը տի­րա­նան մեր սրտին: ­Նոյ­նիսկ չա­րին շա­րու­նա­կա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն չյանձ­նո­ւինք:

«­Գոր­ծենք ինչ­պէս ­Նո­յը, որ ջրհե­ղե­ղէն ետք չյոգ­նե­ցաւ դէ­պի եր­կինք հա­յեացք ուղ­ղե­լէ եւ քա­նի մը ան­գամ ա­ղաւ­նի ու­ղար­կեց, մին­չեւ որ ան վե­րա­դար­ձաւ ձի­թե­նիի մատ­ղաշ տե­րե­ւով:
«Ա­տի­կա նշան էր, որ կա­րե­լի էր կեան­քը վերսկ­սիլ եւ յոյ­սը պէտք է յա­րու­թիւն առ­նէր: Իբ­րեւ Ա­ւե­տա­րա­նի ծա­ռայ եւ խա­ղա­ղու­թեան սուր­հան­դակ կ­՛ու­զեմ գալ ձեր մօտ, ըլ­լալ ձե­զի հետ` նե­ցուկ կանգ­նե­լու խա­ղա­ղու­թեան ու­ղիին վրայ գոր­ծադ­րո­ւած իւ­րա­քան­չիւր ջան­քին եւ միա­սին քա­լե­լու հաշ­տու­թեան ա­րա­հե­տով, որ յոյս կը ծնի:

«­Թող ձեր ժո­ղո­վուր­դին մե­ծա­նուն սուր­բե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցին, օրհ­նեն մեր հան­դի­պում­նե­րը, ո­րոնց կը սպա­սեմ վառ ցան­կու­թեամբ: ­Յատ­կա­պէս կը սպա­սեմ իմ եղ­բայր ­Գա­րե­գի­նին կրկին գրկե­լու զայն եւ ա­նոր հետ միա­սին նոր թափ հա­ղոր­դե­լու դէ­պի լիա­կա­տար միու­թիւն տա­նող ու­ղիին: Ան­ցեալ տա­րի Հ­ռոմ ե­կած էիք աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րէ եւ Ս. ­Պետ­րո­սի շիր­մա­քա­րին մօտ բո­լորս միա­սին ա­ղօ­թե­ցինք: ­Հի­մա ինքս կու գամ ձեր օրհ­նեալ եր­կի­րը` մեր հա­ղոր­դու­թիւ­նը ամ­րապնդե­լու, հաշ­տեց­ման ու­ղիով յա­ռաջ ըն­թա­նա­լու եւ մեզ յոյ­սով քա­ջա­լե­րե­լու հա­մար:
«Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն եւ ցտե­սու­թիւն»: