­Ջի­ւան Ա­ւե­տի­սեա­նի «­Թե­ւա­նիկ» ժա­պա­ւէ­նը պի­տի մաս­նակ­ցի 7-9 ­Յու­լի­սին ռու­սա­կան ­Վո­լոգ­տա շրջա­նին մէջ կա­յա­նա­լիք «­Վոյ­սըզ» եւ­րո­պա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան շար­ժա­պատ­կե­րի 7րդ ­փա­ռա­տօ­նին:

«­Թե­ւա­նիկ»ը կը պատ­մէ ­Ղա­րա­բա­ղեան պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն մա­սին, հոն ներ­կա­յա­ցուած են ե­րեք պատ­կեր­ներ եւ ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ, ա­նոնց մէջ հիմ­նա­կան դեր

կը կա­տա­րէ 14ա­մեայ ­Թե­ւա­նի­կը, որ կը դառ­նայ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու մաս­նա­կից:

­Բե­մադ­րիչ ­Ջի­ւան Ա­ւե­տի­սեա­նի ժա­պա­ւէ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ Ար­ցա­խեան ա­զա­տա­մար­տի սկզբնա­կան շրջա­նը, երբ պա­տե­րազ­մի վտան­գը տա­կա­ւին նոր էր:

Այս մրցու­մին կը մաս­նակ­ցին ժա­պա­ւէն­ներ ­Հա­յաս­տա­նէն, ­Գեր­մա­նիա­յէն, Վ­րաս­տա­նէն, ­Ռու­սիա­յէն, ­Չե­խիա­յէն եւ Ֆ­րան­սա­յէն։

Ծ­րա­գի­րին մէջ նե­րա­ռո­ւած են նաեւ վրա­ցի բե­մադ­րիչ ­Ռու­սու­տան Կ­լուր­ճի­ձէի «Օ­տար ­Տուն» ժա­պա­ւէ­նը, Ֆ­րան­սա­յի եւ ­Քո­լոմ­պիա­յի միա­ցեալ ար­տադ­րու­թիւն հան­դի­սա­ցող՝ ­Ժագ ­Տուլ­մոն ­Վի­թա­լի «Ան­նա»ն, ­Չե­խիոյ եւ Ս­լո­վա­քիոյ միա­ցեալ «­Նոր Է­վան» (բե­մադ­րիչ՝ ­Մար­քօ Ս­քոփ­փա) եւ գեր­մա­նա­ցի ­Մարք Պ­րամ­մու­տի «Ա­պաս­տան» ժա­պա­ւէ­նը:

Ա­ւան­դա­բար, փա­ռա­տօ­նի ըն­թաց­քին ժա­պա­ւէն­նե­րէն մէ­կը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ ­Ռու­սիան: