altԱ­մե­րի­կա­ցի այն քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րը, ո­րոնք 2013ին Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ­Պա­քու այ­ցե­լած էին, այդ կա­ռա­վա­րու­թեան ետ դար­ձու­ցին ի­րենց ստա­ցած թան­կար­ժէք նո­ւէր­նե­րը, երբ դի­տոր­դա­կան խում­բը յայ­տա­րա­րեց, թէ այդ ու­ղե­ւո­րու­

թիւ­նը կը հա­կա­սէ ա­մե­րի­կեան օ­րէնք­նե­րուն.- այս մա­սին կը գրէ «­Հիլ» թեր­թը: ­Քոնկ­րէ­սի ­Բա­րո­յա­կար­գի ­Վար­չու­թեան հա­մա­ձայն՝ օ­րին, ­Պա­քո­ւի մէջ հա­մա­ժո­ղո­վի մը մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով, ­Պա­քու այ­ցե­լած էին ներ­կա­յի ­Քոնկ­րէ­սի 9 ան­դամ­ներ եւ ա­նոնց 32 օգ­նա­կան­նե­րը, ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը հա­զա­րա­ւոր տո­լար­ներ ար­ժող նո­ւէր­ներ ստա­ցած էր:

Օ­րէնս­դիր­նե­րէն ո­մանք ­Պա­քո­ւէն մեկ­նած էին ­Թուր­քիա, ուր եւս նո­ւէր­ներ ստա­ցած էին: Ու­ղե­ւո­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ վար­չու­թեան զե­կոյ­ցը ներ­կա­յա­ցո­ւած էր ­Քոնկ­րէ­սի ­Բա­րո­յա­կար­գի ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վին՝ 2015ի ­Մա­յիս 8ին, իսկ ա­ւե­լի ուշ, զե­կոյ­ցի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը հրա­պա­րա­կո­ւե­ցան «Ո­ւա­շինկ­թըն ­Փոստ»ի մէջ: ­Դի­տոր­դա­կան խում­բը յայտ­նած էր, որ Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տա­կան քա­րիւ­ղի «­Սո­քար» ըն­կե­րու­թիւ­նը առ­նո­ւազն 750.000 տո­լար ծախ­սած էր այս այ­ցե­լու­թեան հա­մար։