­altՄե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ տնտե­սա­ւո­րու­մով` ա­ւար­տին կը մօ­տե­նան ­Նոր ­Կի­լի­կիա բնա­կա­վայ­րի կա­ռուց­ման երկ­րորդ փու­լի աշ­խա­տանք­նե­րը:

Լ.Ղ.Հ. քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն «Ար­ցախփ­րէս»ին յայտ­նե­ցին, որ ծրա­գի­րի ա­ռա­ջին փու­լով օգ­տա­գործ­ման յանձ­նո­ւած է 10 բնա­կա­րան, ըն­թաց­քի մէջ է եւս 20ը:

Այժմ աշ­խա­տանք­ներ կը տա­րո­ւին այդ բնա­կա­րան­նե­րու ներ­քին յար­դար­ման, փո­ղոց­նե­րու բա­րե­կարգ­ման, ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան մա­տա­կա­րար­ման ուղ­ղու­թեամբ: ­Տե­ղադ­րո­ւած են ջրա­մա­տա­կա­րար­ման նոր հա­մա­կար­գեր. շու­տով կը սկսի բնա­կա­րան­նե­րու ջու­րի մա­տա­կա­րա­րու­մը:

­Կը նա­խա­տե­սո­ւի զայն օգ­տա­գործ­ման յանձ­նել այս տա­րի: Ն­շենք, որ ­Նոր կի­լի­կիա բնա­կա­վայ­րը կը գտնուի ­Մար­տա­կեր­տի շրջա­նի ­Կի­չան եւ ­Նոր ­Ղա­զան­չի գիւ­ղե­րու հա­րե­ւա­նու­թեամբ: Բ­նա­կա­րան­նե­րը հաս­ցէա­տէր­նե­րուն կը բաշ­խէ Լ.Ղ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան բնա­կա­րա­նա­յին յանձ­նա­ժո­ղո­վը: