Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Պապի Հայաստան այցը լուսաբանելու համար հաւատարմագրուած է շուրջ 600 լրագրող: Այս մասին կը տեղեկանանք Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարութեան Թուիթըրի էջէն:
Յիշեցնենք, որ Ս. Պապի Հայաստանի Հանրապետութիւն այցը պիտի մեկնարկէ Յունիս 24ին: Եռօրեայ այցի ծիրէն ներս, Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք, Պապը պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին. Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ բարի գալուստի` «Հրաշափառ»ի արարողութիւն: Նոյն օրը երեկոյեան Սրբազան Քահանայապետը Հ.Հ. նախագահի նստավայրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
Այցի առաջին օրը պիտի ամփոփուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կայանալիք Ֆրանսիսկոս Պապի եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիպմամբ: Նոյն օրը երեկոյեան մայրաքաղաքի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ ընդհանրական արարողութիւն եւ խաղաղութեան աղօթք: Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեանի խօսքով` «սա Հռոմի Պապի հայաստանեան այցի ծիրէն ներս, թերեւս, ամենահանդիսաւոր ու մարդաշատ միջոցառումն է»:
Յունիս 26ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, Պապը հանդիպում պիտի ունենայ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու հետ, պիտի մասնակցի Ս. Պատարագի արարողութեան ու ընդհանուր ճաշկերոյթին` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Հայաստանեայց Առաքելական, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներու անդամներու ու Պապական պատուիրակութեան հետ:
Նոյն օրը կը նախատեսուի համատեղ յայտարարութեան ստորագրում: Յայտարարութեան բնագիրը նախապէս պիտի տրամադրուի լրատուամիջոցներուն: Հովուապետները նաեւ աղօթք պիտի մատուցանեն Խոր Վիրապի վանքին մէջ, որմէ ետք Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը Երեւանէն պիտի մեկնի Հռոմ: