Սաքրամենթօ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի ամավարկի 4րդ ենթայանձնախումբի ատենապետ Ատրին Նազարեանի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Յունիս 16ին Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը վաւերացուցած է 2016-2017 տարեշրջանի
ամավարկը, որուն մէջ մէկ միլիոն տոլար կը յատկացուի Կլենտէյլի մէջ Ամերիկահայութեան Թանգարանին համար եւ առաւել 500.000 հազար տոլար՝ «Լարք» երաժշտանոցին համար։
Որոշումը ի զօրու պիտի ըլլայ նահանգապետին ստորագրութեամբ։
«Հպարտ եմ, որ կարելի եղաւ մէկ միլիոն տոլար ապահովել Ամերիկահայութեան Թանգարանի կառուցման համար։ Համոզուած եմ, որ հայութեան դէպի Քալիֆորնիա ուղեւորութիւնը, որ Ցեղասպանութենէն դէպի բարգաւաճում իւրայատուկ անցում մըն էր, կենսական մէկ մասնիկն է նահանգի պատմութեան, եւ այդ պատճառով ալ հայկական թանգարան մը հոյակապ յաւելում մը պիտի ըլլայ նահանգի մշակութային եւ պատմական կեդրոններու արդէն իսկ հարուստ հաւաքածոյին վրայ»,- յայտնած է Նազարեան:
Թանգարանին գլխաւոր նպատակն է ամերիկահայութեան փորձառութիւնը ուրիշներու հետ բաժնելու ճամբով՝ փոխադարձ ըմբռնումը քաջալերել եւ Միացեալ Նահանգներու ցեղային ու մշակութային բազմազանութիւնը լուսարձակի տակ առնել: Անիկա պիտի հաստատուի Լոս Անճելըս գաւառին մէջ՝ զանազան խմբաւորումներու արդէն իսկ գործող թանգարաններուն օրինակով, գաւառի բոլոր բնակիչներուն միջեւ գործակցութիւնը խթանելու յոյսով:
Ամերիկահայութեան թանգարանը պիտի հանդիսանայ՝
- Լոս Անճելըս գաւառին մէջ ապրող տարբեր մշակոյթներէ քաղաքացիներուն միջեւ կամուրջ մը.
- Տարբեր խմբաւորումներ եւ յատկապէս երիտասարդները հետաքրքրող հաւաքածոներու, ցուցահանդէսներու, հանրային ծրագիրներու, խորհրդակցութեանց եւ մշակութային համագործակցութեանց վայր մը.
- Հայաստանի եւ ամերիկահայութեան պատմութիւնը ազդեցիկ կերպով ներկայացնող կեդրոն մը.
- Հայկական մշակոյթի եւ հաւաքական ժառանգութեան պահպանման, փոխանակման եւ տարածման նպաստող հաստատութիւն մը:
Իսկ «Լարք» երաժշտանոցը, իր կարգին, վերջին 20 տարիներուն արուեստներու տարածման եւ դասաւանդման գծով հոյակապ աշխատանք կատարած է շրջանին մէջ։ Անիկա ցարդ կազմակերպած է աւելի քան 300 համերգներ, հրապարակած է 30 ուսումնասիրական գործեր, հինգ սեղմ սկաւառակներ եւ բազմաթիւ դասախօսական ձեռնարկներ ու գիտաժողովներ, նաեւ՝ դաստիարակած է հարիւրաւոր աշակերտներ՝ արժանանալով տեղական, նահանգային, ազգային եւ միջազգային մրցանակներու ու գնահատագիրներու։ «Լարք» երաժշտանոցին խոստացուած գումարը պիտի նպաստէ անոր գործունէութեան ընդարձակման։