altՏնտեսական-դրամական միջոցներէ զրկուած, անելանելի վիճակի մէջ գըտնուող մօտ 550 հալէպահայ կը սպասէ իր հերթին՝ վայրկեան առաջ հեռանալու ռմբակոծուող Հալէպէն: «Հալէպ Հայրենակցական-Բարեսիրական» կազմակերպութեան

անդամները դրամահաւաք նախաձեռնած են, ամէն օր կը սպասեն բարերարներու նուի- րատուութիւններուն, որպէսզի կարենան հայրենակիցները ապահով կերպով Երեւան տեղափոխել:
Հալէպի մէջ գտնուող մեր հայրենակիցները նախ կը հատեն Սուրիոյ սահմանը, կը հասնին Լիբանան, այնտեղէն ալ՝ Երեւան: Հայաստան հասնելու համար մէկ մարդու ճանապարհածախսը կը կազմէ մօտ 500 տոլար:
Կազմակերպութեան համահիմնադիր Անի Բալխեան Panorama.amին ըսած է, որ հերթագրուած մարդոց մեծ մասը երեխաներ են, պատանիներ, այրիացած կանայք: Վերջին օրերուն Հալէպի մէջ սաստկացած ռազմական գործողութիւններու ընթացքին, կազմակերպութեան միջոցներով, 25 հալէպահայ տեղափոխուած է Հայաստան: Հալէպէն մեծ  հոսք սկսած է նաեւ Սուրիոյ ծովափնեայ բնակավայրեր, որոնք այս պահուն աւելի անվտանգ ու ապահով են:
«Մենք կը սպասենք բարերարներու օգնութեան: Հիմա բարերարներ գտնելը շատ դժուար է: Մինչեւ հիմա սուրիահայերուն աջակցութեան ձեռք մեկնած են ոչ միայն հայեր, այլեւ տարբեր ազգութիւններու ներկայացուցիչներ»,- ըսած է կազմակերպութեան ներկայացուցիչը:
Հերթագրուածներուն առաջին խումբը յառաջիկայ օրերուն Հայաստան պիտի հասնի: Սուրիոյ մէջ պատերազմը սկսելէն ի վեր 220 հոգի կազմակերպութեան օգնութեամբ Երեւան եկած է:
Կազմակերպութեան անդամները կը շեշտեն, որ այս օգնութիւնը չ’ենթադրեր համայնքի պարպում, քանի որ տեղի չ’ունենար զանգուածային տեղափոխում: Այս կոչը կը վերաբերի միայն այն հալէպահայերուն, որոնք նիւթական պատճառներով չեն կրնար Լիբանանէն տեղա- փոխուիլ Հայաստան:
Հալէպի հայաբնակ թաղամասերու ռմբակոծումը խըստօրէն դատապարտած էր Հ.Հ. Ա.Գ. նախարարութիւնը: Շըրջափակման մէջ գտնուող  քաղաքին մէջ գործող միութիւնները կոչով դիմած են միջազգային  հանրութեան՝ խնդրելով օգնելու զոհերու յուղարկաւորութեան: