altԿիպրոսի Ներկայացուցիչներու Պալատի նախագահ Տիմիթրիոս Սիլուրիս, ընդունելով Կիպրոսի մօտ Հ.Հ. դեսպան Գագիկ Ղալաչեանի

այցելութիւնը, իր պաշտօնավարութեան աւարտման առիթով, խօսած է Կիպրոս-Հայաստան յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացման ու ամրապնդման հնարաւորութիւններուն մասին:
Հանդիպման աւարտին հրապարակուած պաշտօնական յայտարարութեան համաձայն, Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահը բարձր գնահատած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները, գերազանց բնորոշելով զանոնք, եւ փափաք յայտնած է նպաստելու հետագայ կապերու ամրապնդման ճիգերուն, բոլոր մակարդակներու վրայ: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպան Գագիկ Ղալաչեանին, երկու երկիրներու խորհրդարանական համագործակցութեան խթանման առիթով:
Զրոյցը ներառած է Կիպրոսի խնդրի առնչուող նիւթերու լայն շրջանակ: