Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն ստանալով լուրը, «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը մերժած է Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջի քննարկումը, որ նախարարութեան յղուած էր Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանին կողմէ:

2015ի Ապրիլ 27ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատական դիմում ներկայացուցած էր Թուրքիոյ սահմանադրական դատարան՝ պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը: Շուրջ 100 էջերէ բաղկացած դատական դիմումը, հիմնուած ըլլալով պատմական, կրօնական, քաղաքական եւ իրաւական տուեալներու վրայ, յարակից փաստաթուղթերով ու վկայութիւններով, կը յստակացնէր Սիսի կաթողիկոսարանի պատկանելիութիւնը, անոր դերը Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններէն ներս ապրող հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, ներկայացնելով նաեւ Սահակ Բ. Կաթողիկոսի ու միաբանութեան հարկադիր հեռացումը Սիսի կաթողիկոսարանէն եւ անոր բռնագրաւումը պետութեան կողմէ:
Հաշուի առնելով դատի կարեւորութիւնը, Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանը փափաք յայտնած էր ունենալ երկրի արդարադատութեան նախարարութեան տեսակէտը: Այսպէս, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իրաւական յանձնախումբի անդամները պատրաստած են պատասխան դիմում եւ Մայիս 26ին փոխանցած Սահմանադրական դատարան: Այժմ կÿակնկալուի, որ արդարադատութեան նախարարութեան մերժման ու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ տրուած պատասխանի հիման վրայ, Սահմանադրական դատարանը արձակէ իր վճիռը: