­altՊուն­տես­թա­կի նա­խա­գահ ­Նոր­պերթ ­Լա­մերթ խստօ­րէն զգու­շա­ցու­ցած է ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նը` ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հա­մար ­Պուն­տես­թա­կի թուրք ե­րես­փո­խան­նե­րուն սպառ­նա­լուն ա­ռի­թով: Ըստ «­Տե­մոք­րաթ­հա­պեր»ի՝ ­Պեր­լի­նի մէջ

մեծ ար­ձա­գանգ գտած է ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցած թուրք ե­րես­փո­խան­նե­րու հաս­ցէին Էր­տո­ղա­նի հնչե­ցու­ցած «փճա­ցած ա­րիւն ու­նին» յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը: «­Տէօ­չէ ­Վել­լէ»ի թրքա­կան ծա­ռա­յու­թեան հա­մա­ձայն՝ ­Լա­մերթ այս­պէս ար­ձա­գան­գած է.- «Ի՛նչ ձե­ւով ալ ըլ­լայ, ե­թէ ոե­ւէ մէ­կը փոր­ձէ ճնշում գոր­ծադ­րել ե­րես­փո­խան­նե­րուն վրայ, թող գի­տակ­ցի, թէ յար­ձա­կած պի­տի ըլ­լայ ամ­բողջ խորհր­դա­րա­նին եւ մեր ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան վրայ: Իսկ մենք այս ի­րա­վի­ճա­կին պի­տի պա­տաս­խա­նենք մեր ներ­կայ օ­րէնք­նե­րուն կա­րե­լիու­թեանց ծի­րին մէջ»: