Տեսական ու կիրառական տարրաբանութեան եւ բնագիտութեան միջազգային միութիւնները Յունիս 8ին միասնաբար յայտարարեցին, թէ անցեալ Յունուարին հաստատուած քիմիական չորս նոր տարրերուն անունները որոշուած են արդէն, եւ թէ անոնցմէ մէկը պի
տի կոչուի հայ տարրաբան Եուրի Յովհաննիսեանի անունով։
Եուրի Յովհաննիսեան համաշխարհային համբաւի տէր հիւլէական բնագիտութեան մասնագէտ մըն է, որ մեծ ներդրում ունի գեր-ծանր քիմիական տարրերը յայտնաբերելու եւ ուսումնասիրելու գործին մէջ։ Ան կը հանդիսանայ միայն երկրորդ գիտնականը, որուն ողջութեան իր անունով կը մկրտուի քիմիական նոր տարր մը՝ թիւ 118ը, որ Օկանէսոն (Og) պիտի կոչուի։
Օկանէսոն ցարդ յայտնաբերուած ամենածանր տարրը կը հանդիսանայ։ Յայտնաբերուած քիմիական միւս նոր տարրերն են՝ Նիհոնիում (ի պատիւ Ճափոնի), Մոսկովիում (ի պատիւ Մոսկուայի) եւ Թենոսին (ի պատիւ Միացեալ Նահանգներու Թենըսի նահանգին)։ Նշեալ երեք տարրերը այդ վայրերուն անունով անուանակոչուած են, որովհետեւ հոն կատարուած են տարրերը յայտնաբերելու փորձերը։ Եուրի Յովհաննիսեան ծնած է 1933ին, Տոնի Ռոսթով։