altԱր­ցա­խի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք Հ.Բ.Ը.Մ.ի նա­խա­ձեռ­նած Ար­ցա­խին օ­ժան­դա­կե­լու ար­շա­ւէն (‪#‎Help‬ Artsakh) ցարդ գո­յա­ցած է 325.000 տո­լա­րի գու­մար մը, մինչ դրա­մա­հա­ւա­քի եւ օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը տեղ հասց­նե­լու աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­

կո­ւին։

­Մա­յիս 13ին, Հ.Բ.Ը.Մ.ի ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը այ­ցե­լած են վի­րա­ւո­րո­ւած եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ դար­մա­նո­ւող շարք մը հայ զի­նո­ւոր­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ՝ նա­հա­տա­կո­ւած եւ վի­րա­ւո­րո­ւած կարգ մը զի­նո­ւոր­նե­րու բնա­կա­րան­նե­րը՝ ­Շի­րա­կի եւ Ա­րա­րա­տի մար­զե­րուն մէջ, իւ­րա­քան­չիւ­րին յանձ­նե­լով 1000ա­կան տո­լա­րի գու­մար մը։

­Նաեւ՝ ­Մա­յիս 21-22ին, Հ.Բ.Ը.Մ.ի ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը այ­ցե­լած են Ար­ցա­խի մայ­րա­քա­ղաք Ս­տե­փա­նա­կեր­տի զի­նո­ւո­րա­կան հի­ւան­դա­նո­ցը եւ Ար­ցա­խի ­Մար­տա­կերտ, ­Մար­տու­նի ու ­Հադ­րութ շրջան­նե­րուն մէջ գտնո­ւող նա­հա­տակ կամ վի­րա­ւոր զի­նո­ւոր­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն՝ իւ­րա­քան­չիւ­րին յանձ­նե­լով 1000ա­կան տո­լա­րի գու­մար մը։

­Հա­յաս­տա­նի Հ.Բ.Ը.Մ.ի փոխ-տնօ­րէն ­Յո­վիկ Էօր­տէ­քեան նաեւ հան­դի­պում մը ուն­ցած է Ար­ցա­խի վար­չա­պետ Ա­րա­յիկ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի հետ՝ ներ­կա­յաց­նե­լով Ար­ցա­խին օ­ժան­դա­կե­լու նպա­տա­կով Հ.Բ.Ը.Մ.ի նա­խա­ձեռ­նած աշ­խա­տան­քին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։ Այս ծրա­գի­րին մաս կը կազ­մեն բժշկա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րու նո­ւի­րում եւ բա­նա­կին ա­ջակ­ցե­լու քայ­լեր։

Ապ­րի­լէն ի վեր, Հ.Բ.Ը.Մ. ա­ջակ­ցու­թիւն տրա­մադ­րած է նաեւ ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով տե­ղա­հան ե­ղած 70 հա­յոր­դի­նե­րու, ո­րոնց­մէ 30ը ե­րե­խա­ներ են, զա­նոնք հիւ­րըն­կա­լե­լով Ս­տե­փա­նա­կեր­տի «­Նա­յի­րի» պան­դո­կին մէջ։

Ար­ցա­խի մէջ օ­ժան­դա­կու­թիւն­ներ տրա­մադ­րո­ւած են նաեւ վի­րա­ւո­րո­ւած եւ նա­հա­տա­կո­ւած 21 զի­նո­ւոր­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն։