Քիմ Քարտաշեան յատուկ շնորհակալութեան արժանացած է Լոս Անճելըսի Մանկական Հիւանդանոցին օգնելուն համար: Հիւանդանոցի նախագահ Փօլ Վիվիանօ, հիւանդանոցի պատուոյ դեսպաններուն հետ հանդիպման ժամանակ, Քիմ Քարտաշեանին նո
ւիրած է յուշատախտակ մը, որով ան կը ճանչցուի իբրեւ «Լոս Անճելըսի Մանկական Հիւանդանոցի պատուոյ հայ դեսպան»:
Ձեռնարկի յատուկ հիւրերէն եղած է նաեւ առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան: Քիմ նշած է, թէ ուրախ է այն իրողութեան համար, որ իր աշխատանքը գնահատուած է հայ համայնքին ու հիւանդանոցին կողմէ։ 35ամեայ հայուհին արդէն իսկ 8 տարիէ ի վեր կ՛այցելէ այս հիւանդանոցը ու կ՛օժանդակէ անոր: «Լոս Անճելըսի Մանկական Հիւանդանոցի հայ դեսպաններու խումբը» հայերէ բաղկացած խումբ մըն է, որ կ՛աջակցի հիւանդանոցին՝ նպաստելով երեխաներ դարմանելու անոր առաքելութեան։