Գերմանիան հակադարձած է Պունտեսթակի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն յետոյ Թուրքիոյ մէջ բարձրացած վիրաւորանքներու
եւ սպառնալիքներու ալիքին: Վկայակոչելով թրքական «Haberler.com» լրատուական կայքին տեղեկութիւնները՝ Ermenihaber.am կը նշէ, թէ Յունիս 6ին Գերմանիոյ կառավարութեան մամուլի խօսնակ Շթեֆըն Զայպըրդ դատապարտած է գերմանացի պատգամաւորներու վերաբերեալ Էրտողանի յայտարարութիւնները:
Յիշեցնենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւին կողմ քուէարկած թրքական ծագումով 11 գերմանացի պատգամաւորներու մասին Էրտողանը յայտարարած էր, որ դեռ պէտք է ստուգել անոնց արիւնը` պարզելու համար, թէ որքանո՞վ անոնք թուրք են իրականութեան մէջ:
«Ակնյայտ է, թէ որո՞ւ խօսնակներն են անոնք: Անոնք այս երկրին մէջ գործող անջատողական, ահաբեկչական խմբաւորումներու ճիւղաւորումներն են Գերմանիոյ մէջ»,- ըսած էր Էրտողան: «Մեզի համար ոչ մէկ կերպով ընդունելի է, որ Թուրքիայէն հնչող յայտարարութիւններուն մէջ Գերմանիոյ խորհրդարանի որոշ պատգամաւորներ կը ներկայացուին իբրեւ ահաբեկչական խմբաւորումներու հարող անձեր»,- յայտարարած է Զայպըրդ:
Իսկ դաշնային խորհրդարանի նախագահ Նորպըրթ Լամերթ գրաւոր յայտարարութիւն տարածած է` դատապարտելով թրքական ծագումով պատգամաւորներու դէմ հասարակական ցանցերու մէջ տարածուած վիրաւորանքներն ու մահուան սպառնալիքները: «Եթէ որեւէ մէկը փորձէ ճնշում գործադրել ոեւէ պատգամաւորի վրայ, պէտք է գիտնայ, որ այդպիսով յարձակում կը գործէ մեր ողջ խորհրդարանին եւ ժողովրդավարութեան վրայ: Նման պարագայի մենք ալ օրէնքի սահմաններուն մէջ անհրաժեշտ պատասխան քայլերու պիտի ձեռնարկենք»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: