­altՍու­րիոյ նա­խա­գահ ­Պաշ­շար ալ Ա­սատ, անդ­րա­դառ­նա­լով ­Սու­րիոյ խորհր­դա­րա­նի սահ­մա­նադ­րա­կան երկ­րորդ նստաշր­ջա­նի ա­ռա­ջին նիս­տին, շեշ­տեց, որ ­Սու­րիոյ ժո­ղո­վուր­դը ան­գամ մը եւս զար­մա­ցուց աշ­խար­հը` ան­նա­խա­դէպ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լով ­Սու­րիոյ խորհր­դա­րա­

նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, ընտ­րե­լով իր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ու աշ­խար­հին պատ­գա­մե­լով, թէ որ­քան ծա­ւա­լին ­Սու­րիոյ վրայ բա­նե­ցո­ւած ճնշում­նե­րը, ­Սու­րիոյ ժո­ղո­վուր­դը այն­քան ա­ւե­լի ա­մուր պի­տի կառ­ագրէ «­Գան­ձա­սար»։

­Նա­խա­գա­հը ը­սաւ, որ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ մեր պա­տե­րազ­մը կը շա­րու­նա­կո­ւի ոչ թէ այն պատ­ճա­ռով, որ մենք հա­կա­մէտ ենք պա­տե­րազ­մին, այս պա­րա­գա­յին` մե­զի պար­տադ­րո­ւած պա­տե­րազ­մին, այլ այն հա­մո­զու­մով, որ ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւ­նը կանգ պի­տի չառ­նէ, ե­թէ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը ար­մա­տա­խիլ չըլ­լայ: Ա­պա՝ Ա­սատ ա­ւել­ցուց.- «Այն­պէս, ինչ­պէս ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն ձեռ­քէն ա­զա­տագ­րե­ցինք ­Փալ­մի­րը, պի­տի ա­զա­տագ­րենք ­Սու­րիոյ հո­ղի իւ­րա­քան­չիւր թիզ:

­Մենք յաղ­թա­նա­կէն բա­ցի այ­լընտ­րանք չու­նինք, այ­լա­պէս ո՛չ ­Սու­րիան կը գո­յա­տե­ւէ, ոչ ալ մեր սե­րունդ­նե­րը ա­պա­գայ կ­՛ու­նե­նան մեր հայ­րե­նի­քին մէջ»: ­Նա­խա­գա­հը կոչ ուղ­ղեց զա­նա­զան պատ­ճառ­նե­րով զէնք վեր­ցու­ցած սու­րիա­ցի­նե­րուն` վար առ­նե­լու ի­րենց զէն­քերն ու մաս­նակ­ցե­լու տա­րի­ներ ա­ռաջ սկսած եւ թափ ա­ռած ազ­գա­յին հաշ­տու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին:

Անդ­րա­դառ­նա­լով ­Թուր­քիոյ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը վա­յե­լող եւ ­Հա­լէ­պը հրթի­ռա­կո­ծող զի­նեալ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն՝ նա­խա­գա­հը հաս­տա­տեց.- «Էր­տո­ղա­նի ­Ֆա­շիս­տա­կան վար­չա­կար­գը կը ծան­րա­նայ ­Հա­լէ­պի վրայ, ո­րով­հե­տեւ ­Հա­լէ­պը Էր­տո­ղա­նի ծայ­րա­յեղ Իս­լամ Եղ­բայ­րա­կան­նե­րու հա­միս­լա­մա­կան ծրագ­րի ի­րա­կա­նաց­ման վեր­ջին յոյսն է, սա­կայն ­Հա­լէ­պի մէջ պի­տի գե­րեզ­մա­նո­ւին այդ դա­հի­ճին ե­րազ­ներն ու յոյ­սե­րը»: