Ամերիկահայ մեծահարուստ Քերոլին Ռաֆայէլեան ընդգրկուած է Forbesի աշխարհի ամենահարուստ՝ ինքնուրոյն կայացած կանանց ցուցակին մէջ, զբաղեցնելով 22րդ տեղը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես», Քերոլինի կարողութիւնը կը գնահատուի 700 միլիոն տոլար: Ան ոսկերչութեան մարզին մէջ առաջինն է - Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս - ինքնուրոյն կայացած ամենահարուստ կանանց շրջանակին մէջ:
2004 թուականին ան հիմնած է «Alex and Ani» ոսկերչական զարդերու ընկերութիւնը` անուանելով զայն իր երկու դուստրերուն անուններով:
Զարդերուն արժէքը ցած պահելու նպատակով ընկերութիւնը կ՛օգտագործէ վերամշակուած նիւթեր: «Alex and Ani» ընկերութիւնը ներկայիս ունի 65 խանութ: Մինչեւ 2015 թուականը ընկերութեան վաճառքը հասած է 500 միլիոն տոլարի:
Forbesի աշխարհի ամենահարուստ ինքնուրոյն կայացած կանանց ցուցակը կը գլխաւորեն Տայան Հենդրիքսը (4,9 միլիառ տոլար), Օփրայ Ուինֆրին (3,2 միլիառ տոլար) եւ Ճուտի Ֆոլքնըրը (2,4 միլիառ տոլար):