Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքը կը հաղորդէ, թէ «Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը շարունակէ մօտէն հետաքրքրուիլ Սուրիոյ անցուդարձերով, մասնաւորաբար հայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ Սուրիոյ հայութեան համար իր հաստատած հիմնադրամին ճամբով առաւելագոյն չափով օգտակար հանդիսանալ սուրիահայ ժողովուրդի զաւակներուն:
«Անցնող քանի մը օրերուն Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային մնայուն կապի մէջ եղաւ Բերիոյ Թեմի առաջնորդ Շահան Սրբազանին հետ եւ մօտէն հետեւեցաւ Հալէպի մէջ տիրող ապահովական կացութեան` ուրախութեամբ հաստատելով, որ հակառակ տիրող անապահով պայմաններուն, Հալէպի հայութիւնը կը շարունակէ իր ազգային, եկեղեցական, կրթական, մշակութային եւ ընկերային կեանքը: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հաստատեց, որ Առաջնորդ Սրբազանը եւ համայնքային պատասխանատուները մնայուն ներկայութիւն են մեր ժողովուրդի առօրեային մէջ»:
Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքը կը յայտնէ նաեւ, թէ «որոշ չափով Հալէպի հայութեան թիւը նուազած է, սակայն կարեւոր թիւով հայեր իրենց բնակութիւնը հաստատած են Լաթաքիոյ, Թարթուսի, Քեսապի եւ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ: Ազգային իշխանութիւնը աշխատանքի լծուած է յիշեալ շրջաններուն մէջ եւ կը հետեւի ազգային-եկեղեցական կեանքի առաւել կազմակերպման»:
Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը մեր ժողովուրդի զաւակներուն կ՛ուզէ յիշեցնել Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի հրամայական անհրաժեշտութիւնը: «Ճիշդ է, որ մեր ազգային կեանքին մէջ ունինք այլ առաջնահերթութիւններ, սակայն Սուրիոյ հայութեան զօրակցութիւնը կը մնայ առաջնահերթութիւն ու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն: Հետեւաբար, պէտք է շարունակել զօրակցիլ Սուրիոյ հայութեան»,- կը շեշտէ Վեհափառ Հայրապետը: